2011-09-19 13:26:16

Ըստ Թրիփոլիի Պապական Նուիրակին ՜՜Լիպիան Փոխուած Է՝՝ Եւ ՜՜Խաղաղութեան Ու Անդորրութեան Մթնոլորտ Կը Շնչուի՝՝։


Գերապայծառ Ճովաննի Իննոչէնցօ Մարթինելլի` Թրիփոլիի Պապական Նուիրակը, անցեալ 16 սեպտեմբերին, ամառնային արձակուրդներէ ետք վերադարձ կատարելով Լիպիա, ֆիտէս Կաթողիկէ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարացազրոյցին ընթացքին յայտարարած է որ <<Լիպիան արմատական փոփոխութեան ենթարկուած է, տարբեր գոյներ կը տեսնուին ամենուրէք ու հանդարտութեան մթնոլորտ կը տիրէ>> ապա ան աւելցուցած է որ այս տպաւորութիւնները կը վերաբերին միայն Թրիփոլիի որովհետեւ <<առ այժմ տեղեակ չեմ - ըսած է ան - թէ ինչ կ՛անցնի կը դառնայ երկրին միւս շրջաններու մէջ։>>








All the contents on this site are copyrighted ©.