2011-09-18 12:42:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը
<<Նոր աւետարանցումի շրջան>>


Կիրակի 18 սեպտեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 12ին Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն Նորին Սրբութիւնը արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ամարանոցի հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն` Սուրբ Պօղոսի Փիլիպեցիներուն ուղուած նամակէն ուր առաքեալը կը խօսի Քրիստոսի մարդեղութեան` չարչարանքի ու անոր փառաւոր յարութեան մասին։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ ինչպէս Յիսուսի խաչելութենէն ու յարութենէն 20 տարի ետք` 50ական թուականներուն աւետարանը առաջին անգամուայ համար կը հասնէր եւրոպա, հռոմէական կայսրութեան ժամանակ երբեմնի Մակեդոնիան որ այսօր Յունաստանի մաս կը կազմէ ։
Պօղոս առաքեալ հոն հասած էր իր երկրորդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։Պօղոս առաքեալ Փիլիպեցիներու ուղղուած իր նամակը գրած է բանտի մէջ երբ մահու կամ կեանքի վճիռը կը սպասէր։ Ան կը հաստատէր <<ինծի համար կեանքը Քրիստոսն է եւ մեռնիլը` շահ>>։ Կեանքի նոր իմաստ մը որ հիմք դրած է Ապրող Քրիստոսի հետ մնալու հաղորդութեան մէջ։ Պատմական անձնաւորութեան մասին չէ խօսքը` ոչ ալ վարդապետի կամ կրօնապետի մը, այլ մարդու մը որուն մէջ կ՛ապրի նոյնինքն Աստուած։ Քրիստոսի մահն ու Յարութիւնը այն Բարի Լուրն է որ մեկնելով Երուսաղէմէն տարածուեցաւ ամենուրէք ու բարեփոխեց մարդիկը անոնց մշակոյթները ու բացաւ անոնց միտքն ու խիղճը ճշմարտութեան։ Աստուած սէր է` Յիսուսով մարդացաւ` Անոր չարչարանքով ու մահով ազատագրեց մարդը մեղքի ու չարի ստրկութենէն անոր տալով` իր Յարութեամբ` հասատատ ու տեւական յոյս մը։
Սրբազան Հայրը ապա նշել տուաւ թէ Սուրբ Պօղոսի անձին մէջ կան երեք իքնութիւն Հրէականաը` Յոյնը եւ Հրոմէականը եւ պատահական չէ -ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ - որ Աստուած անոր (Պօղոսին) յանձնեց առաքելութիւնը աւետարանը տարածելու Փոքր Ասիայէն` Յունաստան ու ապա Հռոմ ստեղծելով կամուրջ մը որ Քրիստոնէութիւնը ցոլացուց ամէն տեղ։
Այսօր կ՛ապրինք նոր աւետարանցումի շրջան մը - յարեց Սրբազան Պապը - նորանոր հորիզոններ կը բացուին մեր առջեւ ու շատ մը քրիստոնէական աւանդութիւն ունեցող շրջաններ կանչուած են վերագտնելու իրենց նախնեաց հաւատքի գեղեցկութիւնը։ Այս առաքելութեան գլխաւոր դերակատարներն են այրեր ու կիներ որոնք Սուրբ Պօղոսի նման կրնան բացականչել <<ինծի համար կեանքը Քրիստոսն է>>։ Ընտանիքներ ու հասարակութիւններ որ կ՛ուզեն աշխատիլ Աստուծոյ այգիին մէջ։ Խոնարհ աշխատաւորներ որոնք ոեւէ հատուցումի ձգտում չունին եթէ ոչ մասնակցելու Յիսուսի ու Եկեղեցւոյ առաքելութեան։

Սիրելի բարեկամներ, Աւետարանը բարեփոխեց աշխարհը ու տակաւին զայն կը բարեփոխէ - ըսաւ Սրբազան հայրը եզրափակելով իր խօսքը - մեր աղօթքը ուղղենք Տիրամօր իրմէ խնդրելով որ եկեղեցւոյ մէջ միշտ հասուննան նոր աւետարանացումի ի սպաս նորանոր կոչումներ ։

Այս խորհրդածութենէն ետք Սրբազան հայրը արտասանեց հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, իր խօսքին մէջ յիշելով 17 սեպտեմբերին Թորինոյի մէջ յայտարարուած նոր երանելի Հայր ֆրանչէսքօ Բալէարին ՝՝Աստուածային Նախախնամութեան Փոքր Տունը՝՝ Միաբանութէնէն մատնանշելով նաեւ ի մէջ այլոց, դպրոցական տարւոյն վերամուտին ու աշակերտներու կազմաւորումի կարեւորութեան, հուսկ տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.