2011-09-17 12:44:49

Սփիւռքի Կազմակերպութիւններու Ղեկավարներու Համաժողովը՝ 19-21 Սեպտեմբեր։


Սեպտեմբեր 19-21, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու ու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողով»ը, որուն մասնակցողներուն թիւը, ըստ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեանի, կը հասնի 500ի: Համաժողովին առիթով, Սեպտեմբեր 18ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ Պալէի Ազգային Ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Պոլիսէն ժամանած «Դալար» համոյթին ելոյթը, որմէ ետք մասնակիցները պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրը եւ Եռաբլուր:
Համաժողովի հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 19ին, նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ: Առանձին նիստերով պիտի ներկայացուին 4 կարեւոր հիմնախնդիրներ՝ «Լեզուի ու կրթութեան», «Երիտասարդական», «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ի պատրաստութիւն՝ տարածաշրջանային յանձնախմբերու գործունէութեան մասին» ու «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման կառուցակարգեր» թեմաներով: Սփիւռքէն ժամանած մասնակիցները ներկայ պիտի ըլլան Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ Բարերարներու ճեմուղիի բացման հանդիսութեան:
Ատոմ Մխիթարեանի խօսքով, «Սփիւռքի կազմակերպութիւնների ղեկավարների եւ ներկայացուցիչների համահայկական համաժողով»ին ընդառաջ պիտի ընդունուի «Ազգային հռչակագիր» մը, որուն հիմնական խնդիրներն են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման ներկայ փուլը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, հայապահպանութիւնն ու հայ եկեղեցւոյ եւ հաւատքի պաշտպանութիւնը:
Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուած համաժողովը պիտի ամփոփուի Սեպտեմբեր 21ին, Հայաստանի անկախութեան 20ամեակին նուիրուած զօրահանդէսով ու Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան առաջին ցուցահանդէսին բացումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.