2011-09-17 12:18:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 17 սեպտեմբեր 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 11ին, Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական պալատին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի Նախագահ Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն։
Ժամը 11.45ին Նորին Սրբութիւնը ուկնդրութիւն շնորհեց Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասէն 7 եպիսկոպոսներու որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Նորին Սրբութիւնը, անցեալ 23 յուլիսին՝ Կարտինալ Ժոզէֆ Թոմքօ-ն` Ժղովուրդներու աւետարանութեան Քահանայապետական Ժողովի երբեմնի կառավարիչը, նշանակեց Քահանայապետի յատուկ նուիրակ, գլխաւորելու՝ Մոսկուայի Անարատ Յղութեան Մայր Տաճարի Օծման հարիւրամեակի տօնակատարութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 25 սեպտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.