2011-09-17 12:44:34

Նոր Երանելի Մը։ Հայր ֆրանչէսքօ Բալէարի ՝՝Աստուածային Նախախնամութեան Փոքր Տունը՝՝ Միաբանութէնէն ։


՝՝Աստուածային Նախախնամութեան Փոքր Տունը՝՝ հիմնուած է իտալացի սուրբ Սան Ճուսէփփէ Գոթթոլէնկոյի կողմէ որու առաքելութիւնն է հիւրասիրել՝աղքատները,ֆիզիքապէս պակասաւորները եւ երախաները վկայելու համար բոլոր անոնց՝ Ողորմած Աստուծոյ Սէրը։ Հոս յիշենք որ Պենետիկտսո ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 2 Մայիս 2010-ին Թորինօ կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին այցելեց այս հաստատութիւնը հիւանդներուն հանդիպելով։
Այսօր 17 Սեպտեմբեր սոյն Հաստատութեան Եկեղեցիին մէջ (Թորինօ) Երանելիներու կարգին մէջ դասուեցաւ Հայր ֆրանչէսքօ Բալէարի,ձեռամբ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյի Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը եւ միաժամանակ ներկայացուցիչը՝ Պենետիկտոս ԺԶ.րդ Սրբազան Քահանայապետին այս արարողութեան ։
Ութը զաւակներու վերջընթերը ֆրանչէսքօ Բալէարի կը ծնի 22 Հոկտեմբեր 1863-ին Իտալիոյ Միլանօ քաղաքի մօտերը։ Փոքր տարիքին քահանայութեան հակում ցոյց տալով, մուտք կը գործէ ՝՝Թոմմասինի՝՝ անուան Դպրեվանքը որ քահանաներ կը պատրաստէր Աստուածային Նախախնամութեան Փոքր Տան Միաբանութեան առաքելութիւններուն եւ թեմական կղերին համար։ Հազիւ 23 տարեկանին ան քահանայ ձեռնադրուեցաւ ձեռամբ (1886) Թորինոյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Կաէթանօ Ալիմոնտա-ի, փափաք յայտնելով ապրիլ իր քահանայութիւնը Սան Ճուսէփփէ Գոթթոլէնկոյի հիմնած Հաստատութեան մէջ։
Որեւէ մէկը որ անոր մօտենար խորապէս կը տպաւորուէր վեհանձնութենէն եւ հաճոյակատարութենէն ՝՝Գոթթոլէնկոյի այս Փոքրիկ Քահանայի ՝՝ ինչպէս որ զինք կը կոչէին իր կարճ հասակի բերումով։ Միւս կողմէ երկար տարիներ եղաւ շատ ազնիւ դասատու մը՝լատիներէնի եւ յունարէնի ՝՝Թոմմասինի՝՝ Դպրեվանքին մէջ։ Հայր ֆրանչէսքօ Բալէարի եղաւ նաեւ աւելի քան 40 երկար տարիներ թեմական Դպրեվանքի հոգեւոր հայրը ու խոստովանահայրը,ու նաեւ քարոզիչ՝ կղերին,կրօնաւորուհիներուն եւ աշխարհականներու հոգեւոր կրթութեանց ։
Ան Վախճանեցաւ 7 Մայիս 1939ին սրբութեան համբաւով։








All the contents on this site are copyrighted ©.