2011-09-16 12:31:46

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ Ուրբաթ 16 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, տեղի ունեցաւ Մամլոյ Ասուլիս մը ներկայացնելու՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի յառաջիկայ 22-25 սեպտեմբեր գերմանիա կատարելիք հովուկան այցելութիւնը։ Ներկայացումը կատարեց մամլոյ գրասենեակի պատասխանատու՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին ի ներկայութեան իտալացի եւ օտարազգի բազմաթիիւ լրագրողներու։ Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գերմանիա ճամբորդութիւնը որ Սրբազան հօր միջազգային 20րդ ճամբորդութիւնն է եւ ունի Պետական հանգամանք, թէեւ ասիկա երրորդ անգամն է որ Նորին Սրբութիւնը իր երկիրը կ՛այցելէ։ Առաջինը եղաւ 2005ին երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, մինչ երկրորդը 2006ին։ Առաքելական Ճմաբորդութեան նշանաբանն է <<Հոն ուր Աստուած ներկայ է, հոն է նաեւ ապագան>>։ Չորս օր տեւող հովուական այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի արտասանէ 17 ճառեր, առաւել հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքը։ Գերմանիա կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ երեք թեմեր՝ Պերլին, Էրֆուրդ եւ ֆրայպուրկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.