2011-09-16 12:32:21

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։ Գիշվահիլի Յայտագիրը։


Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011, ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով սփռուող յատագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք Գիշվալի յայտագրի մասին։

Յառաջիկայ 28 սեպտեմբերին, Ռատիովատիկանի Գիշվահիլի յատագիրը կը տօնախմբէ 19-ամեակը իր յատագիրներուն որ վերսկսած են սփռուիլ 1992-էն ի վեր շատ մը տարիներու լռութենէն ետք։
Յայտագրի այսօրուայ, ինչպէս նաեւ անցեալին, կէտնպատակն է՝ տարածել խաղաղութեան սիրոյ եւ համերաշխութեան պատգամը եւ Ռատիովատիկանը որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեդրոնն է, դնել Գիշվահիլի խօսող 30 միլիոն հանրութեան հետ, որոնք ընդհանրապէս կ՛ապրին կեդրոնական եւ արեւելեան Ափրիկէի մէջ , անոնց հաղորդելով Սուրբ Աթոռի գործունէութիւնը եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ կեանքի մասին։ Յայտագրին կէտնպատակն է նաեւ՝ յառաջացնել մարդու արժանապատուութեան իրաւունքը, եւ հետեւիլ հոգեւորութեան յեղաշրջումին այնպէս ինչպէս կը մատնանշէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուսուցումը։ Գիշվահիլի յայտագրի միջոցաւ Ռատիովատիկանը միջոց կը հանդիսանայ հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան միջոց Ափրիկէի մէջ։
Գիշվահիլի լեզուով յայտագրի ստեղծումը ծնունդ առաւ 1960-ին՝ Հոլանտացի Բիթէր Վան Բելթուն քահայանի նախաձեռնութեամբ. սակայն զանազան դժուարութիւններու պատճառաւ` 1963ին սփռումները կ՛ընդհատին։ 1970-ին ուրիշ քահանայ մը` Պուրունտիէն հայր Պագում, որ Հռոմ կը գտնուէր դասընթացքներու հետեւելու համար, կը վերսկսի յատագրի սփռումները. սակայն 1973-ին իր երկիրը կը վերադառնայ ու սփռուոմները դարձեալ կը դադրին։ 19 տարի լռութենէ ետք 1992-ին Հայր Էուսթագ Սըգուէյրայի՝ Ափրիկէի անգլիական հաղորդաժամի պատասխանատուն, ու այդ ժամանակուայ Ռատիովատիկանի Տնօրէն՝ հայր Բասգուալէ Պորկոմէոյի ու հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի ջանքերով՝ Գիշվահիլի յայտագիրները դարձեալ կը սկսին սփռուիլ 10 վայրկեան տեւողութեամբ հաղորդումով, եւ այսօր Սրբազան Հօր ձայնը Գիշվահիլի լեզուով լսելի կը դառնայ ամէն գիշեր ու ամէն առաւօտ 28 վայրկեան տեւողութեամբ։ Երրորդ հազարամեակի մարտահրաւէրն է. ՜՜Աւետել խաղաղութեան, սիրոյ եւ Ապրող Քրիստոսի ճշմարտութեան պատգամը, սրբազան քահանայապետի ու Սուրբ Աթոռի վկայութեամբ։
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որ կը համագործակցին այս ուղղութեամբ աշխատելու եւ Գիշվահիլի լեզուով տարածելու Տիեզերական եկեղեցւոյ պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.