2011-09-16 13:04:31

Նիքոլա Սարքոզիի ու Տէյվիտ Քամերոնի Այցելութիւնը Լիպիա։ Իսկ Այսօր Լիպիան Կ՝այցելէ Թուրքիոյ Վարչապետը էրտողան


Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի երէկ Լիպիա այցելեցին: Անոնք Թրիփոլիի գրաւումէն ետք Լիպիա այցելող ամէնէն բարձրաստիճան երկու ղեկավարներն են: Անոնց ղեկավարած երկիրները ՕԹԱՆ-ի լիպիական գործողութեան մէջ յառաջատար դերակատարութիւն ստանձնած են ,ուստի երկրին մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն:
Քամերոն եւ Սարքոզի Թրիփոլիի մէջ հանդիպում ունեցան Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին հետ, ապա Պենկազի երթալով քաղաքի Ազատութեան Հրապարակին իրենց խօսքը ուղղեցին հոն հաւաքուած բազմութեան։
Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտուլ Ժալիլ Թրիփոլիի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին երկու ղեկավարներուն շնորհակալութիւն յայտնեց լիպիական ըմբոստութեան ընթացքին անոնց ցուցաբերած «քաջարի կեցուածքներուն» համար: «Անոնք մեզի ցոյց տուին քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական օժանդակութիւն, որ ըմբոստներուն օժանդակեց պետութիւն մը հաստատելու, եւ մենք ատոր համար Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք», ընդգծեց Ապտուլ Ժալիլ:
Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ ղեկավարները գովաբանեցին լիպիացի ժողովուրդին քաջութիւնը եւ խոստացան Ազգային փոխանցման խորհուրդի խաղաղ ու ժողովրդավարական պետութիւն ստեղծելու նպատակին զօրակցիլ:
Ինչպէս ըսինք այսօր Լիպիան կ՝այցելէ Թուրքիոյ վարչապետը Ռեճեփ Թայյիպ էրտողան։








All the contents on this site are copyrighted ©.