2011-09-16 12:32:12

Աղօթքի Եւ Խորհրդածութեան Եռօրեայ Մը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Մեծն Պրիտանիա Կատարած Հովուական Այցելութեան Ա. Տարեդարձին Առթիւ։


Անգլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսները առաջարկած են Աղօթքի եւ խորհրդածութեան եռօրեայ հանդիպում մը վերյիշելու՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետին մէկ տարի առաջ Մեծն Պրիտանիա կատարած հովուական այցելութեան օրերը, հանդիպումին մասնակցելու հրաւիրուած են ամէն տարիքի հաւատացեալներ, ու բոլոր անոնք որոնք ուղղակիօրէն գործօն մասնակցութիւն բերած էին կազմակերպելու Սրբզ. Հօր այցելութիւնը, եւ անոնք որոնք իրենց աղօթքներով հետեւեցան այս կարեւոր դէպքին։
Եռօրեայ հանդիպումին յայտագիրը սկիզբ կ՝առնէ 16 սեպտեմբերին, որուն ընթացքին անգլիոյ եպիսկոպոսները կը վերահաստատեն ուրբաթօրերու պահեցողութեան սովորութիւնը, այն է մսեղէն ուտելէ հրաժարելու սովորութիւնը. ապաշխարանքի ներգործութիւն մը՝ որպէս կապ մը հաւատացեալներուն Քրիստոսի չարչարանքի ու մահուան հետ, եւ որպէս հաւատքի հաւաքական նոր վկայութիւն մը՝ ապրելու քրիստոնէական հաւատքը։
Ապաշխարութեան այս հին սովորութիւնը վերահաստատելով Մեծն Պրիտանիոյ եպիսկոպոսները վեր կ՝առնեն աւանդական բարեպաշտութիւնը առօրեայ կեանքին մէջ ապրելու քրիստոնէական հաւատքը։
Յիշատակութեան օրերու երկրորդ հանգրուանը աղօթքի հանդիպումն է ի յիշատակ ՜՜Hyde Park-ի՝՝ մէջ տեղի ունեցած աղօթքի հսկումին. այս առթիւ հաւատացեալներուն պիտի ցուցադրուի Սրբզ. քահանայապետի այցելութեան տեսաերիզը, նաեւ ՜՜ Աստուծոյ մարդերը՝՝ ժապաւէնը Թիպհէրինի կրօնաւորներու մարտիրոսութեան մասին։ Երիտասարդներուն համար խօսակցութեան նիւթ պիտի ըլլայ Սրբազան Հօր պատգամի հիմնական կէտերը, տեղ պիտի տրուի երիտասարդներուն որոնք ընդառաջելով քահանայապետի կոչին, բարեսիրական գործեր կը կատարեն, օգնութեան հասնելով անօճախներուն ու ապաստան խնդրողներուն։
Եռօրեայ հանդիպումը պիտի եզրափակուի 18 սեպտեմբերի ժամը 15-ին, Ուէսմինսթըրի Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Անգլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսները գոհաբանական պատարագով պիտի ոգեկոչեն Սրբզ. հօր այցելութիւնը ու կարտինալ Ճոն Նիւմանի երանացումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.