2011-09-15 14:04:07

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը
Նորին Սրբութիւնը ընդունեց 120 նորօծ եպսկոպոսներ


Հինգշաբթի 15 սեպտեմբեր 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 11.50-ին, Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պալատի Զուիցերացիներու անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Վատիկանի եւ Հէրտէր հրատարակչատուներու գիրքերու ցուցահանդէսը։ Ապա ժամը 11.30-ին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց 120 նորօծ եպսկոպոսներ որոնք Հռոմ կը գտնուին Եպիսկոպոսներու Ժողովի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած կազմաւորումի դասընթացքի 7-16 սեպտեմբեր` որոնց շարքին նշենք երկու հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ՝ Արհիապատիւ Ռափայէլ Արք. Միանասեան` առաջնորդը Հայաստանի, Վրաստանի ու Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու եւ Արհիապատիւ Միքայէլ եպ. Մուրատեան` առաջնորդը Հիւսիսային Ամերիկայի։
Ունկնդրութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ճառ մը արատասանեց նորօծ եպիսկոպոսներուն որուն մէջ նշեց որ՝ 10 տարիէ ի վեր նոր նշանակուած եպիսկոպոսները ուխտագնացութիւն կը կատարեն Հռոմ, այցելելու Ս. Պետրոսի Դամբանը եւ միասնաբար խորհրդածելու եպիսկոպոսական նոր առաքելութեան մասին։ Դուք ահա կանչուած էք Ձեր հաւատքի դաւանանքը նորոգելու Ս. Պետրոսի դամբանին առջեւ ու առաքեալներու իշխանի սիրով դուք ձեզ յանձնելու Յիսուսին, ամրապնդելով Ս. Պետրոսի յաջորդին ու ձեր միջեւ հաղորդութեան կապը։
Եպիսկոպոսը միայնակ անձ մը չէ այլ մաս կը կազմէ <<եպիսկոպոսական դասի>> մարմնոյն։ Եպիսկոպոսական եղբայրութիւնը զոր կ՛ապրիք այս օրերուն թող շարունակուի ձեր առօրեայի մէջ ալ, օգնելով իրարու, մնալով Սրբազան Հօր ու ձեր եղբայրակից եպիսկոպոսներու հետ հաղորդութեան մէջ, նաեւ բարեկամութեան զգացումներ մշակելով անոնց ու ձեզի հետ գործող քահանաներուն հետ ։ Այս հաղորդութեան եւ բարեկամութեան հոգիով որ ձեզ կ՛ընդունիմ ողջունելով ձեզմէ ամէն մէկուն միջոցաւ, այն եկեղեցիները զոր կը ներկայացնէք , ըլլան Լատինական ծէսի պատկանող եկեղեցիները եւ ըլլան Արեւելեան ծէսի։ Յատուկ ողջոյն մը կ՛ուղղեմ մանաւանդ միջին արեւելքի տանջուած եկեղեցիներուն։
Այս խօսքերէն ետք Սրբազան Հայրը շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց եպիսկոպոսներու հաւաքը կազմակերպող Սուրբ Աթոռի Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Մարք ՈՒելլէին ու Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիին։
Հուսկ Սրբազան հայրը խօսքը կեդրոնացուց եպիկոպոսական օծման իմաստին ու Սուրբ Հոգւոյն պարգեւներուն ու շնորհքներուն վրայ։ Եպիսկոպոսական օծումը ձեզի տուաւ ձեռնադրութեան կարգի լիութիւնը որ եկեղեցական հասարակութեան ներքեւ կը դասաւորուի որպէս հաւատացեալներուն ծառայութիւն,` անոնց հոգեւոր աճումին ու անոնց սրբութեան ի սպաս։ Եպիսկոպոսներու պարտականութիւնն է հսկել որպէսզի մկրտեալները աճին Սուրբ Հոգւոյն շնորհքներու պարգեւներուն ներքեւ։ Ու մատնանշելով Մատրիտի մէջ կայացած անցեալ օգոստոսին՝ երիտասարադական համաշխարհային օրուան, Սրբազան հայրը դիտել տուաւ թէ ինչպէս այդ օրերուն յայտնաբերուեցաւ եկեղեցւոյ հարստութիւնը ու խարիզմը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ միութիւնը։ Կենսունակութիւն մը որ աշխարհի մէջ կ՛ամրապնդէ եկեղեցւոյ աւետարանութեան գործունէութիւնը։
Ձեր նոր պաշտօնի բերումով ձեզմէ կը խնդրուի որ սնուցէք ձեր հոգեւոր կեանքը ու ձեզ կը յորդորեմ մնալու՝ ՜՜ Բարի Հովիւի՝՝ հովանիին տակ, եւ օրէ օր աւելիով անոր նմանելու ու ձեր առանձնական աղօթքները ընկերակցին ձեր այս ամէնօրեայ պարտականութիւններուն։ Ձեր կեանքի սրբութեամբ եղէք օրինակներ ձեր քահանաներուն եւ ձեր գործակիցներուն, օժանդակելով անոնց զարգացումին։
Ձեզ բոլորդ կը յանձնեմ Մարիամին՝ եկեղեցւոյ մայր ու ձեր մայրը, եւ կու տամ ձեր թեմերու քահանաներուն ու ձեզի յանձնուած հօտին իմ առաքելական օրհնութիւնս։








All the contents on this site are copyrighted ©.