2011-09-15 14:21:06

Նոր Հրատարակութիւն - Ներսէս Վրդ. Մելիք-Թանեանի ՜՜Հայոց եկեղեցական Իրաւունքը՝՝ Հատորը։


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերահրատարակած է Ներսէս վարդապետ Մելիք-Թանեանի ՜՜Հայոց եկեղեցական իրաւունքը՝՝ գիրքը։
Այս աշխատանքը նուիրուած է հայոց կանոնական իրաւունքի հարցերու քննարկման եւ եկեղեցական իրաւունքի համապարփակ ձեռնարկ մըն է, հայ իրականութեան մէջ։ Այս գործը երկար տարիներ եղած է հայ հոգեւորականութեան սեղանի գիրքը եւ ծառայած՝ որպէս դասագիրք Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ճեմարաններու մէջ։
Գիրքը յառաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով հրատարակութեան պատրաստած է պատմական գիտութիւններու տոքթոր Ազատ Պոզոյեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.