2011-09-14 13:01:20

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Հալէպի Մէջ- Սուրիա։


Կիրակի 18 Սեպտեմբեր 2011-ի՝ երեկոյեան ժամը 6-ին՝ Հալէպի Ս. Խաչ կաթողիկէ հայոց եկեղեցւոյ մէջ, տեղի պիտի ունենայ քահանայական ձեռնադրութիւնը Տ. Անտոն սրկւ. Թահհանի, ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ՝ արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեանի։ Յաջորդ օրը՝ երկուշաբթի 19 Սեպտեմբերին՝ միշտ երեկոյեան (ժամը 18-ին) նորօծ վարդ.ը Հայր Անտոն Թահհան պիտի մատուցէ իր անդրանիկ Ս. պատարագը դարձեալ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։
Հայր Անտոն որպէս նշանաբան- ուղեցոյց առած է Պօղոս առաքեալի թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած թուղթէն այս խօսքերը. ՜՜Ամէն բանի մէջ Աստուծոյ գոհութիւն տուէք՝՝։ Մաղթենք որ ան՝ Հ. Անտոն, ըլլայ բարի հովիւը իր հօտին ու լաւագոյն կերպով գործէ Տիրոջ այգիին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.