2011-09-14 13:00:43

Փաքիստանի Ազգային Մեծ Ուխտագնացութիւնը։


Ամէն տարի, 8 սեպտեմբերին, Ս. Կոյս Մարիամի ծննդեան տօնին, Փաքիստանի կաթողիկէները մեծ թիւով կը մասնակցին Մարեմեան Ուխտագնացութեան մը դէպի Մարիամապատ, որ կը գտնուի ֆայսալապատ թեմը, Լահորէն 80 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ։ Աւանդութեան համաձայն ուխտաւորներու աղօթքները յաճախ կը լսուին,մասնաւորապէս երբ ուխտագնացութիւնը կը կատարուի Ս. Կոյս Մարիամի Ծննդեան օրը։
2011ի՝ ուխտագնացութեան մասնակցեցան, աւելի քան 1.5 միլիոն ուխտաւորներ, որոնց կարգին նաեւ բողոքականներ եւ ոչ-քրիստոնեաներ` սիխեր, ինտուներ եւ մահմետականներ։ Աւանդութիւնը կը պահանջէ որ սրբավայրէն մի քանի քիլոմեթր առաջ ուխտաւորը յետիոտն ուղղուի դէպի մարեմեան Սրբավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.