2011-09-14 13:29:08

ԵԱԽՀ - Եւրպայի Անվտանգութեան Եւ Համագործակցութեան Խորհուրդի Գիտաժողովը, Լաւագոյնս Կանխարգելու Քրիստոնեաներու Դէմ Բռնութիւնները։


Կազմակերպութեամբ ԵԱՀԽի` Եւրպայի անվտանգութեան ու համագործակցութեան խորհուրդին, երկուշաբթի 12 սեպտեմբերին՝ Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ վեհաժողով մը նուիրուած քրիստոնեաներու դէմ կատարուած յարձակումներուն նիւթին մասին։ Հաւաքին նպատակն է նախատեսել ու պատասխանել քրիստոնեաներու դէմ կատարուած բռնարարքները լաւագոյն համակարգումի համար։
Բացման զրոյցը կատարեց գերապայծառ Տոմենիք Մամպերթին` Վատիկանի արտգործ նախարարը, ապա խօսք առաւ Ռուսիոյ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ՝ մետրապոլիտ Հիլարիոն։ Անոնք ընդգծեցին որ քրիստոնեաներու դէմ յարձակումները մասնաւորապէս բազմաթիւ են Ափրիկէի եւ Ասիոյ տարածաշրջաններուն մէջ։
ԵԱՀԽ-ի ցեղապաշտութեան, օտարամերժութեան եւ կրօնական խտրականութեան ներկայացուցիչը Մասսիմօ Ինդրովինէ իր կարգին մատնանշեց որ քրիստոնեաներու դէմ ատելութիւնը նաեւ ներկայ է Եւրոպայի մէջ եւ մենք ականատես ենք քահանաներու, կրօնաւորներու, քրիստոնեայ գերեզմանատուներու դէմ նախայարձակումներուն եւ եկեղեցիներու սրբապղծութեան։ Նոյնպէս` համացանցի կայանները կը քաջալերեն ատելութիւնը քրիստոնեաներու դէմ։ ֆրանսական ոստիկանութեան տուեալներու համաձայն ամէն երկու օրը անգամ մը կ'արձանագրուի յարձակում մը կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ գերեզմանատան դէմ։ Վեհաժողովին աւարտին մասնակցողները առաջարկած են արձնագրութիւնը քրիստոնեաներու դէմ կատարուած արարքներուն նպաստելու՝ ճանաչումը երեւոյթին, համագործակցութիւնը ոստիկանատուներու միջեւ եւ յառաջ մղել տեղեկութիւններու քարոզչութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.