2011-09-14 13:00:24

Աստուծոյ Աղախին Էլէնա Աիէլլօ՝ Խորաններու Պատւոյն։


Այսօր 14 Սեպտեմբեր, Երանուհի կը հռչակուի Աստուծոյ Աղախին, Իտալացի Էլէնա Աիէլլօ,հիմնադրուհին Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանաց Փոքր Մայրապենտերու Միաբանութեան։ Երանացման արարողութիւնը կը գլխաւորէ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը,որու հետ կը համապատարագէ Գոսէնցայի Արքեպիսկոպոսը Գերապայծառ Նուննարի եւ Թուրքիոյ Կառավարութեան մօտ Առաքելական Նուիրակ Արքեպիսկոպոս Անթոնիօ Լուչիպէլլօ։

Առաջին անգամ ըլլալով Երանացման արարողութիւն մը տեղի կ՝ունենայ Իտալիոյ Գալապրիա մարզը,եւ Աստուծոյ Աղախին Էլէնա Աիէլլօ Գալապրիացի առաջին կինն է որ կը դասուի Երանելիներու Կարգին մէջ։

Էլէնա Աիէլլօ կը ծնի Գոսէնցա 1895-ին ,ութը քոյր եղբարներու չորրորդը։ Խորապէս հաւատացեալ ծնողքի մը զաւակը,փոքր հասակէն մասնաւոր հակում ունէր աղօթքի ու ապաշխարութեան։ 11 տարեկանին կորսնցելով մայրը կը ստանձնէ տան պատասխանատուութիւնը,եւ երկու տարի ետք խռչափողի հայող հիւանդութեանը շրջանին կ՝ուխտէ նուիրուիլ կրօնաւորական կեանքի։
1920-ին մուտք գործեց Իտալիոյ Սալէրնօ քաղաքի Ամենասուրբ Արեան Գթութեան Մայրապետներու Միաբանութիւնը,բայց տան մէջ գործի պահուն գետին գլորուելէ ետք ենթարկուած վիրաբուժական գործողութիւնը, մարմնի ջղային կեդրոնին մեծ վնասներ հասցուց , նաեւ մնայուն ջերմ տալով ։ Այս պարագային Աստուծոյ Աղախին Էլէնա դիմեց Սրբուհի Ռիթայի բարեխօսութեան եւ իսկապէս ընդունեց բժշկութեան պարգեւը։

1928-ին բարեկամուհին Լուիճինա Մազզա-ի աջակցութեամբը հիմնեց որբ օրիորդները հիւրընկալող Տունը,որ 1949ին Համաշխարհային Բ.Պատերազմէն ետք ստացաւ Միաբանութիւն վաւերացումը,իսկ 1956ին ան ընտրուեցաւ Ընդհանուր Մեծաւորուհի։
Մայր Էլէնա Աիէլլօ Հռոմի մէջ վախճանեցաւ 1961-ին սրբութեան համբաւով։

Նոր Երանուհիին հիմնած Միաբանութեան գլխաւոր առաքելութիւնն է օգնել աղքատ մանուկներուն եւ ընկերութենէ մեկուսացած անձերուն, Միաբանութիւնը ներկայիս կը հաշուէ աւելի քան հարիւր կրօնաւորուհիներ որոնք Իտալիոյ մէջ ունին բազմաթիւ Տուներ,ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ,Գանատայի,Գոլոմպիայի եւ Պրազիլի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.