Euronews–ը՝ Կ՝անդրադառնայ Երեւանի Մէջ Իրականացուող ReAnimania Փառատօնին.
Հայաստանի մէջ իրականացուող ReAnimania անունով շարժապատկերային շարժանկարներու միջազգային
փառատօնին անդրադառձած է Euronews միջազգային հեռուստակայանը: “Հայաստանի շարժապատկերային
շարժանկարները հին աւանդոյթ ունին, առաջին նման շարժանկար նկարահանուած է 1930ական թուականներուն”(
հաղորդած է տեսանիւթի հեղինակը): Euronews–ը նաեւ զրուցած է փառատօնի տնօրէն Վրէժ
Քասունիի հետ, որ նշած է, որ շարժանկարի արդիւնաբերութիւնը եւ մասնաւորապէս այդ ճիւղը
Հայաստանի մէջ տուժած է ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք: “Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք ամէն
ինչ մոռցուեցաւ եւ այդ ամէնը վերականագնելու անհրաժեշտութիւն կար: Այդ իսկ պատճառով մենք
փառատօնին տուինք ReAnimania անունը` շարժանկարի արդիւնաբերութիւնը վերականդենդացնելու,
վերականգնելու եւ անոր նոր կեանք տալու համար”,–ըսած է Քասունին: Վրէժ Քասունին նաեւ
յայտնած է, որ փառատօնի նպատակն է զարգացնել այդ ճիւղը Հայաստանի մէջ: