2011-09-13 13:46:09

Հարաւային Սուտանի Եպիսկոպոսներու Կոչը Ազգային Հաշտութեան Ի Խնդիր։


Հարաւային Սուտանի եպիսկոպոսները կոչ ուղղած են բնակչութեան, ազգային հաշտութիւն կատարելու համար, 50ամեայ զինեալ բախումներէ ետք, որոնց ետին թողոցին տակաւին ոչ սպիացած վէրքեր։ Մենք ամէնքս կանչուած ենք կերտելու հայրենիքը եւ մասնաւորապէս կանչուած ենք միութեան։ Հարաւային Սուտանը պէտք է ըլլայ բոլորին հայրենիքը առանց խտրականութեան այս կամ այն ցեղախումբի միջեւ։ Ուստի բոլոր քաղաքացիները ինչ կրօնի կամ քաղաքական հոսանքի ալ պատկանին պէտք են նպաստել նոր հայրենիքի ամրապնդումին ու բարգաւաճումին։ Առանց միութեան կարելի չէ ճշմարիտ հայրենիք մը ունենալ, հետեւաբար ամէնքս կանչուած ենք աշխատելու ի նպաստ հաշտութեան ու խաղաղութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.