2011-09-13 13:48:45

՜՜Միասնաբար Ապրելու Ճակատագիր։ Կրօններ Եւ Մշակոյթներ Երկխօսութեան Մէջ՝՝։


11 - 13 սեպտեմբեր Սանդէճիտիօ Հասարակութեան կազմակերպութեամբ Միւնիխի մէջ տեղի կ՛ունենայ խաղաղութեան ի սպաս միջկրօնական աղօթքի եւ խորհրդածութեան հանդիպում մը <<Միասնաբար ապրելու ճակատագիր։ Կրօններ եւ մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ>> վերտառութեամբ։ Հանդիպումը սկիզբ առած էր կիրակի 11 սեպտեմբերին (2001) Նիւ Եորքի մէջ պատահած ահաբեկչական արարքի տասնամեակի ոգեկոչման արարողութեամբ, մասնակցութեամբը՝ աշխարհի զանազան կրօնապետերուն։ Երեք օր տեւող հանդիպումներու ընթացքին, կը զեկուցուի ՜՜խաղաղութեան ճանապարհի մասին՝ որպէս միակ միջոցը, մարդկային ընտանիքի բարիքին համար։
30 կլոր սեղաններու շուրջ կը խօսուի Եւրոպայի մասին ու անոր առաքելութեան մասին ամբողջ աշխարհի մէջ, ինչպէս նաեւ աղօթքի մասին որպէս հաշտութեան միջոց, ու յառաջիկայ հոկտեմբերին Ասիզիի խաղաղութեան հաւաքի 25 ամեակի առիթով Ասիզիի մէջ գումարուելիք միջկրօնական հաւաքի հոգեւորութեան մասին։
Նիստերու ընթացքին շօշափուեցան <<արաբական գարունի>> իրադարձութիւնները ու անոնց հետեւանքները, նաեւ արաբական երկիրներու մէջ մարդու ազատութեան հարցը ու Քրիստոնեայ - Իսլամ երկխօսութեան վերաբերող նիւթեր, Պաղեստին - Իսրայէլ յարաբերութիւններն ու աղքատութիւնը աշխարհի մէջ նիւթերը։
Նշենք որ սոյն հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան կարտինալներ ընդ որս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.