2011-09-12 13:27:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Անգոնա կատարած Հովուական Այցելութեամբ Եզրափակեց Ամենասուրբ Հաղորդութեան Ազգային 25-րդ Գիտաժողովը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, 11 Սեպտեմբերին Իտալիոյ Անգոնա քաղաքը այցելեց ու քաղաքի նաւահանգիստի բացօթեայ տարածքի վրայ մատոյց Ամենասուրբ Հաղորդութեան Ազգային 25-րդ Գիտաժողովի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը հարիւր հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Իտալիոյ Ամենասուրբ Հաղորդութեան ազգային 25-րդ գիտաժողովը որ տեղի ունեցաւ 3 - 11 սեպտեմբեր ունէր որպէս բնաբան Ս. Հաղորդութիւնը առօրեայ կեանքին մէջ։ Ծիսակատարութեան աւարտին Սրբազան Հայրը սեղանակից եղաւ գործազուրկ բանուորներուն եւ աղքատներուն արտայայտելով իր զօրակցութիւնը տնտեսական ծանր տաքնապի մէջ գտնուող իտալիոյ Մարգէ նահանգին։ Մերլոնի եւ ֆինքանդիէրի` շրջանի ամենէ կարեւոր գործարանները` վերջին տասնամեակի ընթացքին ստիպուած եղան շատ մը բանուորներ գործէն արձակելու տնտեսական տաքնապներու պատճառաւ դժուար կացութեան մատնելով շատ մը ընտանիքներ։

Նորին Սրբութիւնը 11 սեպտեմբերի յետմիջօրէին՝ քաղաքի աթոռանիստ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ կղերին եւ ընտանիքներուն հետ։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը ճար մը արտասանեց որուն մէջ հրաւիրեց կղերը գթութիւն յայտնաբերելու մանաւանդ ամուսնալուծուած զոյգերու հանդէպ։Ապա մատնանշեց որ ընտանիքը հարստութիւն մըն է` մանուկներու համար անփոխարինելի շնորհք մը` ընկերութեան համար հիմք եւ արմատ` ու եկեղեցւոյ ճանապարհորդութեան համար կենդանի հասարակութիւն։ Հուսկ ընտանիքները հրաւիրեց նեցուկ կանքնելու քահանաներուն եւ օգնելու զիրենք իրենց առաքելութիւն մէջ ու չզիչելու անոնցմէ պահանջելէ ըլլալ օրինակելի առաքեալներ։
Նոր սերունդի դաստիարակութիւնը կախում ունի ձեր յարակցութենէն։ Եղէք քրիտոնեայ կեանքի գեղեցկութեան վկաները նման մանանեխի յատիկի զօրութեան` հաւատքով եւ համբերութեամբ։ Սրբազան հայրը հաստատեց որ մեր ապրած ժամանակաշրջանը դժուար պայմաններով ժամանակաշրջան մըն է ու եզրափակելով իր խօսքը աւելցուց <<երբ մտածէք որ ամէն դաստիարակչական ջանք ապարդիւն էշ Սուրբ հաղորդութեան մէջ բնտրեցէք լոյսը որ պիտի զօրացնէ ձեր հաւատքը վստահ ըլլալով որ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքն ու զօրութիւնը կրնան օգնել մարդը ոեւէ պարագայի մէջ ալ որ գտնուի, նոյնիսկ ամէնէն դժուարները։








All the contents on this site are copyrighted ©.