2011-09-12 14:13:17

Թուրքիոյ Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր,12 Սեպտեմբեր կը սկսի Արաբական շրջապտոյտի մը, որ կը ներառէ Եգիպտոսը, Թունուզը եւ Լիպիան:


Վարչապետ Էրտողան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը Եգիպտոսի Զինեալ Ուժերու Խորհուրդի նախագահ մարաջախտ Հիւսէյն Թանթաուիի, բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ ընկերութեանց սեփականատէրերու հետ հանդիպումներ պիտի ունենան:
Կը նախատեսուի, որ Էրտողան Արաբական Լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ խօսք մը արտասանէ եւ Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ եգիպտական յեղափոխութիւնը ղեկավարած շարք մը երիտասարդներու հետ հանդիպում ունենայ: Վարչապետ Էրտողան չորեքշաբթի օր Թունուզ պիտի այցելէ, իսկ հինգշաբթի օր` Լիպիա:








All the contents on this site are copyrighted ©.