2011-09-12 14:12:12

Անքարա - Եկեղեցական Կալուածներու Վերադարձի Օրէնքը Չի Կիրարկուիր Լատին Եկեղեցւոյ - Թուրքիոյ Համար Լատին Եկեղեցի Չէ Գրանցուած։


Անցեալ 27 օգոստոսին Թուրքիոյ կառավարութիւնը հրահանգած է եկեղեցական կալուածներու վերադարձը, այս օրէնքը սակային կը հայի լոկ յոյներուն, հայերուն եւ հրեաներուն։ Կաթողիկէ լատին եկեղեցին իրաւասական ոչ մէկ կարելիութիւն ունի վերստանալու բռնաբարուած իր կալուածները։ Յառաջիկայ 26 սեպտեմբերին Թուրքիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը իրենց գումարելիք ժողովին ընթացքին պիտի սերտեն կարելիութիւնը վերստանալու վերջին տարիներուն իրենց կորսնցուցած կալուածները։
Նշենք որ Թուրք կառավարութիւնը հրահանգած է վերադարձը 1936ին բռնագրաուած կալուածներուն։
Յայտնենք որ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը մտադիր է վերաբանալ Շալքի աստուածաբանական պատրիարքական հաստատութիւնը որ փակուած էր 1971ին։ Աստուածաբանական այս հաստատութիւնը հիմնուած է 1844ին Ճերմանոս Չորրորդ Պատրիարքէն, ունենալով որպէս նպատակ կազմել աստուածաբաններ, քահանաներ ու եպիսկոպոսներ ի սպաս Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան։ 1844-1971 Շալքի ունեցաւ 930 վկայեալներ։ Անոր յաճախած են այլ երկիրներէ եկած օրթոտոքս ուսանողներ, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եւ բողոքական ուսանողներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.