2011-09-11 11:04:56

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Քարոզը Ամենասուրբ Հաղորդութեան 25-րդ Գիտաժողովի Եզրափակիչ Պատարագին Ընթացքին Ի Ներկայութեան Աւելի Քան Հարիւր Հազար Հաւատացեալներու։


Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Վեց տարի առաջ Իտալիա կատարած իմ քահանայապետութեան առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը զիս Պարի քաղաքը առաջնորդեց, Ամենասուրբ Հաղորդութեան 24-րդ գիտաժողովին առթիւ։ Այսօր Անգոնա կը գտնուիմ հանդիսաւորապէս եզրափակելու Ամենասուրբ Հաղորդութեան 25-րսդ ազգային գիտաժողովը։ Գոհութիւն կը մատուցանեմ Տիրոջ եկեղեցական այս մեծ պահերուն համար, որոնք կ'ամրապնդեն մեր սէրը հանդէպ ''Կենաց Հացի ''։
Պարի եւ Անգոնա ծովահայաց քաղաքներ են։ Երկու քաղաքներ` հարուստ պատմութեամբ ու քրիստոնեական կեանքի։ Երկու քաղաքներ` բաց Արեւելքի, անոր մշակոյթի ու հոգեւորականութեան։ Երկու քաղաքներու Ամենասուրբ հաղորդութեան ժողովներու նիւթերը նպաստեցին հաւատքի ամրապունդումին։ Պարիի նիւթը եղաւ ''Առանց Կիրակի օրուան կարող չենք ապրիլ'' իսկ Անգոնայի նիւթը եղաւ ''Ամենասուրբ հաղորդութիւնը առօրեայ կեանքին համար''։
''Խիստ են այս խօսքերը, ո՞վ կարող է զանոնք տանիլ'' Յիսուսի ճառը ''Կենաց Հացի '' մասին վրդովեցին շատ մը աշակերտներ եւ պատճառ եղան Իրմէ հեռանալու։ Այսօր եւս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ոմանք վերապահ են եւ դիւրին չէ ընդունիլ Յիսուսի ամբողջական պարգեւը, ինքզինքը լիովին տալով։ Որովհետեւ ճշմարտապէս ընդունիլ այս պարգեւը կը նշանակէ ինքզինք ուրանալ, մոռնալ, բարեփոխուիլ եւ Յիսուսով ապրիլ ինչպէս կը գրէ Պօղոս առաքեալը Հռոմայացիներուն ուղղած թուղթին մէջ. ''Եթէ կ'ապրինք, Տիրոջ համար կ'ապրինք, եթէ կը մեռնինք` Տիրոջ համար կը մեռնինք։ Ուրեմն եւ կեանքով եւ մահով Տիրոջ կը պատկանինք։
Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ի՞նչ կ'ենթադրէ ս. Հաղորդութեամբ ապրիլ, հարց տուաւ Նորին Սրբութիւնը, Ս. Հաղորդութիւնը մեզ կը խլէ մեր անհատապաշտութենէն, սերտօրէն կը միացնէ մեր եղբայրներուն Քրիստոսի Մարմնին մէջ, որ է Եկեղեցին։ Ս. Հաղորդութիւնը կը զօրացնէ եւ կը բարեփոխէ մեր առօրեայ կեանքը։ Եկեղեցւոյ երկու հազարամեայ կեանքը սփռուած է սուրբերով ու սուրբուհիներով, որոնց գոյութիւնը եղաւ պերճախօս նշան մը ընկերային դրական զարգացումի, որուն կեդրոնը անձն է, եւ մասնաւորապէս ինչազուրկը, հիւնադը եւ տկարը։
''Կենաց Հացը '', մատնանշեց Սրբազան Հայրը, քրիստոնեային կու տայ զօրութիւն, դաստիարակչական կարողութեան վերանորոգում` պատրաստ վկայութիւն տալու կեանքի էական արժէքներու, ճանաչումի, հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան։ Անոր կենսունակութիւնը ոյժ եւ տրամադրութիւն կու տայ գործելու ընդհանուրի բարիքին համար եւ կերտելու ընկերութիւն մը աւելի արդար եւ աւելի եղբայրասէր։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները այս վայրէն տուն վերադառնալ զօրացած ս. Հաղորդութեամբ։ Մեր առօրեայ կեանքը թող դառնայ վայրը հոգեւոր պաշտամունքին եւ Աստուած դառնայ կեդրոնը մեր կեանքին։ Այո, ընդգծեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մարդը միայն հացով չ'ապրիր, այլ` ամէն խօսքով որ կ'ելլէ Աստուծոյ բերնէն''։ Մենք կ'ապրինք հնազանդելով այս խօսքին, որ ''Կենաց Հաց է '' ու Ս. Պետրոսի նման սիրով յանձնուինք. ''Տէր, որո՞ւն երթանք։ Դուն յաւիտենական կեանքի խօսքերն ունիս ։ Մենք հաւատացինք եւ գիտցանք թէ դուն Աստուծոյ սուրբն ես։''
Ս. Կոյսի նման մենք եւս կը դառնանք ''Արգանդ'' միշտ պատրաստակամ ընծաելու Յիսուսը մեր ժամանակակից մարդուն, հրաւիրելով զայն փրկութեան, որ լոկ Քրիստոսէն կու գայ։ Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզը վերջացուց բացականչելով. ''Բարի ընթացք, Քրիստոսով` ''Կենաց Հաց '' բոլոր Եկեղեցւոյ որ Իտալիա կը գտնուի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.