2011-09-11 09:48:05

Որուկուէյի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յայտարարած, թէ ՝՝ Պէտք է Ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութիւնը՝՝ ։


ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 9 սեպտեմբերին, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ուրուկուէյ-Հայաստան խորհրդարանական խումբին կողմէ նախաձեռնուած` Հայաստան-Ուրուկուէյ յարաբերութիւններուն նուիրուած համաժողովին ընթացքին, խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին, աննախադէպ յայտարարութիւն մը կատարած է:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալբանդեան Մոնթեվիտիոյէն հաղորդած է, որ նախարար Լուիս Ալմակրօ ըսած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղը պատմականօրէն Հայաստանի մասն է, եւ իրենք այսօր կ՛ուսումնասիրեն պետական որոշումով համաձայնութիւն կայացնելու եւ ճանչնալու հարցը:
«Այսօր մենք կ՛ուսումնասիրենք հարցը` պետականօրէն տեսակէտ յայտնելու համար, սակայն ես անձամբ համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին պատմականօրէն մաս կը կազմէ եւ պէտք է ըլլայ անկախ կամ կարճ ժամանակամիջոցին կցուի Հայաստանին: Այս է արցախեան խնդիրի միակ լուծումը», ըսած է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.