2011-09-10 11:05:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Նամակը Նիւ Եորքի Առաջնորդին 11 Սեպտեմբերի Տասնամեակի Առթիւ։<<Ոչ Մէկ Պարագայ Կ՛ արդարացնէ Ահաբեկչական Արարքները>>։


Նիւ Եորքի երկուորեակ աշտարակներու դէմ գործադրուած 11սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքի տասնամեակի առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետը նամակ մը յղած է Նիւ Եորքի առաջնորդ ու Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Արքեպիսկոպոս Թիմոթի Տոլանի որուն մէջ իր ցաւը ու մօտիկութիւնը կը յայտնէ յայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնը հազարաւոր զոհերուն համար ու սրտի սփոփանք անոնց հարազատներուն։
Ահաբեկիչներու համար այդ օրուայ արարքները գործադրուեցան Աստուծոյ անունով սակայն - կը գրէ Սրբազան հայրը - հարկ է անգամ մը եւս վճռական կերպով հաստատել թէ ոչ մէկ պարագայ կրնայ արդարացնել ահաբեկչական ոեւէ մէկ արարք։ Ամէն կեանք արժէքաւոր է Աստուծոյ մօտ եւ ոչ մէկ ջանք խնայելու ենք համայն աշխարհի մէջ տարածելու համար մարդու կեանքի հանդէպ յարգանք ու անոր անփոխանցելի արժանապատութեան եւ ժողովուրդներու արդար իրաւունքի հաստատումը։
Սրբազան հայրը իր նամակին մէջ ապա կը մատնանշէ ամերիկացի ժողովուրդին քաջութեան եւ վեհանձնութեան ու աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած յայցելով արդարութեան եւ զօրակցութեան մշակոյթի
հաստատումը որ ազատագրէ աշխարհը բռնաբարումներէ եւ պայմաններ ստեղծէ բարեբեր խաղաղութեան մը ու լուսաւոր եւ աւելի ապահով ապագայ մը համար։Ու եզրափակելով իր նամակը Պենետիկտոս ԺԶ ամերիկացի հաւատացեալներու կը մաղթէ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը
Շաբաթ 10 սեպտեմբեր 2011ի առաւօտեան ժամը 11 ին Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պալատին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Կարտինալ Մարք Ուելլէն եպիսկոպոսներու Ժողովի նախագահ։








All the contents on this site are copyrighted ©.