2011-09-10 11:28:58

Յարութ Սասունեան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Երէկ` ուրբաթ, 9 սեպտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք ընդունեց ամերիկահայ հրապարակագիր Յարութ Սասունեանը Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:
Հոգեւոր տէրը նախ շնորհաւորեց Յարութ Սասունեանը նոր արաբերէն գիրքի շնորհահանդէսին առիթով: Ապա զինք տեղեկացուց Ամերիկայի նոր առաջնորդ հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանի գահակալութեան մասին` յառաջիկայ 2 հոկտեմբեր 2011-ին:
Հոգեւոր տէրը յատուկ կերպով անդրադարձաւ «Ճինիշեան» հաստատութեան նկատմամբ Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ տրուած վերջին որոշումներուն` Սուրիոյ կապակցութեամբ: Ան նաեւ յայտնեց իր մտահոգութիւնը լիբանանահայութեան ապագային եւ Լիբանանի հայ դպրոցներու տնտեսական իրավիճակին մասին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայութիւնը յուզող հարցեր: Յարութ Սասունեան ներկայացուց իր գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ փոխյարաբերութիւնները եւ Միջին Արեւելքի առնչութեամբ հարցեր:
Հանդիպման աւարտին Սասունեան հոգեւոր տիրոջ նուիրեց իր նոր հատորը` «Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները` ճշմարտութի՞ւն, թէ՞ խաբէութիւն», զոր դոկտ. Նորա Արիսեան թարգմանած է արաբերէնի:








All the contents on this site are copyrighted ©.