2011-09-10 11:12:58

Կարինալ Թոռանը Կը Կարեւորէ Անհրաժեշտութիւնը Մանկավարժական Հանդիպումի ''Կարելի Չէ Սպաննել Յանուն Աստուծոյ''։


Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան նախագահը միջեկեղեցական քահանայապետական խորհուրդի, ֆրանսական Լա Գրուա օրաթերթին հետ ելոյթ ունենալով խօսեցաւ 11 սեպտեմբեր 2001ի Նիւ-Եորքի ահաւոր ողբերգութեան մասին։ Ելոյթին ընթացքին ան ըսաւ որ ''կարելի չէ սպաննել յանուն Աստուծոյ''։ Ներկայիս կրօնական պատասխանատուները աւելի գիտակից են մանկավարժական հանդիպումի անհրաժեշտութեան վրայ։ Ոչ մէկ կրօնապետ մը, ոչ մէկ դատ մը կարող է արդարացնել նման ահաւոր ողբերգութիւն մը։ Ձերբազատելու համար կրօնական ներշնչում ունեցող ահաբեկչութենէն, կարտինալ Թոռանը կը հրաւիրէ դաստիարակել մահմետական նոր սերունդը մանկավարժութեան երկխօսութեան։
Ռամատանին աւարտին իր ուղղած պատգամին մէջ Ծիրանաւորը մահմետականներու գրած էր որ ''Պէտք ենք, միասնաբար, ճանչցնել նոր սերունդին բարիին ու չարիքին գոյութիւնը, խղճմտանքը յարգուելիք սրբավայր մըն է, զարգացնելով հոգեւոր ծաւալը մեզ կը դարձնէ աւելի պատասխանատու, աւելի զօրավիգ եւ աւելի պատրաստակամ երկխօսութեան։
Հուսկ կարտինալ Թոռան իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով թէ եթէ կարողացանք խուսափիլ մաշակոյթներու բախումէն, պէտք ենք խուսափիլ նաեւ տգիտութեան բախումէն, որովհետեւ ուրիշի վախը տգիտութեան հետեւանքն է։
Իր կարգին` 89 տարեկան կարտինալ Ռոժէ Էչիկարայ, Վատիկանի իմաստասէրը, որու կեանքը եղաւ միջկրօնական յանձնառում ու խաղաղութեան փնտռտուք կը գրէ ''ինչ որ ալ ըլլան ահաբեկչական արարքներու դրդապատճառները ու արդարաձումի փորձերը պէտք ենք միշտ կրկնել ու հաստատել որ կարելի չէ արդարացնել ահաբեկչութիւնը քաղաքացիական ընկերութեան մը մէջ։ Անիկա բարբարոսութեան ետ դարձ մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.