2011-09-10 11:27:15

Իսրայէլ Կրնայ Զօրակցիլ Հայաստանին՝ Արարատի Պատկանելիութլեան Հարցով։Երէկ Գիշեր Յարձակումի Թիրախ՝ Գահիրէի Իսրայէլեան Դեսպանատունը։


Երէկ գիշեր հարիւրաւոր ցուցարարներ ներխուժեցին Գահիրէի Իսրայէլեան Դեսպանատունը։ Դեսպանատան անձնակազը ու Իսրայէլի Դեսպանը Գահիրէէն զինուորական օդանաւով վերադարձան Թէլ Ավիվ։ Իսրայէլի Վարչապետ Նեթանիահու Գահիրէի մէջ Իսրայէլեան Դեսպանատան դէմ պատահածը ՝՝շատ վտանգաւոր՝՝ նկատած է։ Պարաք Օպամա իր կարգին բերած է իր միջամտութիւնը այս ուղղութեամբ։ Երէկ գիշերուայ բախումներու հաշուէկշիռը երկու մեռեալ եւ շուրջ 488 վիրաւորներ են։

Իսկ Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը համոզուած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ուզէ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու ճգնաժամը շահագործել իսլամական աշխարհին մէջ իր շահերը յառաջ մղելու համար։Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յանձնարարած է միջազգային գետնի վրայ Թուրքիոյ հակադարձելու գործողութիւններու ծրագիր մշակել։
Օրաթերթը կ՜ընդգծէ , որ Լիպըրմըն կը ծրագրէ հանդիպումներ իրականացնել Եւրոպայի մէջ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավարներուն հետ։
«Ետիոթ Ահրոնո»չ կը գրէ. «Իսրայէլեան ծրագիրին մէկ այլ քայլն է Թուրքիոյ պատմական մրցակիցներուն՝ հայերուն հետ համագործակցութեան դիւրացումը։ Այս ամիս, Լիպըրմանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընթացքին, կը նախատեսուի, որ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունենայ հայկական լոպիի ղեկավարներուն հետ եւ առաջարկէ Քոնկրեսին մէջ հակաթուրք համագործակցութիւն ծաւալել։Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպաստելու իսրայէլեան ջանքերը կրնան մեծապէս վնասել Թուրքիոյ։ Իսրայէլ նաեւ կրնայ Արարատ լերան վերահսկողութեան հարցով Թուրքիոյ հետ վէճին մէջ, զօրակցիլ Հայաստանի», կը գրէ թերթը:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Լիպըրման յայտնած է. «Էրտողանին վճարել պիտի տանք գին մը, որ իրեն ցոյց պիտի տայ, թէ Իսրայէլի հետ չափուիլը շահաբեր չէ: Թուրքիոյ համար աւելի լաւ կ՛ըլլայ եթէ մեզի հետ յարգանքով եւ քաղաքավարութեամբ վարուի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.