2011-09-10 11:27:06

Ամերիկեան Իշխանութիւնները 11 Սեպտեմբերի Տասնամեակի Այս Օրերուն Ահաբեկչական Նոր Յարձակումի Հաւանականութիւնէն Կը Զգուշանան ։


Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական յարձակումի տասնամեակի այս օրերուն ահաբեկչական յարձակումէ մը զգուշանալով` Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ հետախուզական աշխատանքներ կը կատարեն:
Ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «դաշնակցային իշխանութիւններուն կարծիքով, 11 սեպտեմբերի տասնամեակի օրերուն ահաբեկչական գործողութիւններու իրականացման զգալի վտանգ գոյութիւն ունի,եւ թէ թիրախ քաղաքաները Նիւ Եորքը եւ Ուաշինկթընն են : Իշխանութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, կասկածելիներու մասին որոշակի տեղեկութիւն ունին եւ կը յայտնեն, որ անոնք կապ ունին Ալ-Քայիտայի հետ, սակայն անուններ չեն հրապարակեր»:
Այս առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պահանջած է ուժեղացնել անվտանգութեան միջոցառումները:








All the contents on this site are copyrighted ©.