2011-09-09 12:06:43

Մուսուլի Եւ Էրպիլի Առաջնորդները Յոռետես Են Իրաքի Քրիստոնեաներու Ապագայով։


Մուսուլի Եւ Էրպիլի երկու առաջնորդները խօսք առնելով Եւրոպական միութեան եպիսկոպոսական խորհուրդին առջեւ իրենց համոզումը յայտնած են որ Իրաքի քրիստոնեաները հալածուած են ու մահուան սպարնալիքի ենթարկուած են։ Մահմետականներու հետ երկխօսութիւնը ապարդիւն է քանի մահմետականներու գնահատումով իսլամ կրօնը կը գերազանցէ բոլոր կրօնները։
Երկու առաջնորդները դիտել տուին թէ քրիստոնեաները կը ջանան տեղափոխուիլ Գիւրտիսդանի շրջանը, քանի հոն աւելի ապահով է։ 2003էն ասդին անոնց թիւը 5 հազարէն անցած է 28 հազարի։ Եկեղեցին այդ փախստականներու համար կը մնայ միակ օգնականը եւ ապաստանը։ Ի տես այս իրավիճակին Իրաքի եկեղեցին ծանր պարտականութեան առջեւ կը գտնուի եւ կղերը ամէն ջանք կը թափեն քրիստոնեայ փախստականներուն բնակարան, աշխատանք եւ ուտեստեղէն հայթայթելու եւ խնամելու հիւանդները։ Գաղտիացի երկու առաջնորդները կոչ ըրին Եւրոպայի եկեղեցւոյ նպաստելու նոր դպրոցներու կարուցման եւ բնակչութեան ի սպաս օժանդակութիւններ գտնելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.