Միլանոյի Նախկին Առաջնորդը Իր Գրադարանը Կը Նուիրէ Քաղաքի Մատենադարանին։
Միլանոյի երբեմբի Առաջնորդ Կարտինա Տիոնիճի Թեթթամանցին Նախքան իր յառաջացած տարիքին
բերումով, քաշուելէ Միլանոյի թեմէն, 9 հազար գիրք պարունակող իր գրադարանը նուիրած է
քաղաքի մատենադարանին։ Գրադարանը ունի մասնաւորապէս աստուածաբանական, իմաստասիրական,
Ս. Գիրքի մեկնաբանութեան ու Եկեղեցւոյ Հայրերու գիրքեր։ 77 տարեկան Կարտինալ Թեթամացին
2002էն ի վեր կը կառավարեր Միլանոյի թեմը։ Անոր կը յաջորդէ Վենետիկտի պատրիարքը կարտինալ
Անճելօ Սքոլան։