2011-09-09 12:07:43

Հնդկաստանի Օրիսսա Շրջանի 2008ի Հալածանքի Զոհ Քրիստոնեաները Կը Յուսան Արդարութեան Յաղթանակին Վրայ, Հնդկաստանի Վերին Ատեանը Մարդու Իրաւունքի Յանձնախումբէն Տեղեկագիր Կը Պահանջէ


Երեք տարի անցնելէ յետոյ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած հալածանքի ու բռնութիւններուն, Օրիսսա մարզին մէջ, վերջապէս զոհերը Հնդկաստանի դաշնակցային Ատեանէն ընդունեցան ճանաչումը իրենց դէմ կատարուած անարդարութիւններուն։ Արդարեւ Վերին Ատեանը տեղեկագիր մը պահանջեց մարդու իրաւունքի յանձնախումբէն։
Նշենք որ Հնդկաստանի կաթողիկէ եկեղեցին պաշտօնական խնդրագիր մը ներկայացուցած էր 2008-ին, դատը տեսնելու զոհերուն, որոնցմէ աւելի քան 100-ը մահացած է եւ աւելի քան 55 հազար հոգի արտահան եղած են։ ''Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն'' միջազգային յանձնախումբը իր տեղեկագիրին մէջ մատնանշած էր երկրին կառավարութեան անկարողութիւնը ոչ միայն դադրեցնելու՝ բռնութիւնները, այլեւ բաշխելու՝ միջազգային հասարակութենէն եկած օգնութիւնները զոհերուն, որոնք տակաւին կ'ապրին անկայուն վիճակին մէջ եւ ինտուներու սպառնալիքներու ներքեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.