2011-09-09 12:23:36

Էջ Մը Հայ Երաժշտութենէն։ Արմէն Տիգրանեան:


Արմէն Տիգրանեան, նշանաւոր երգահանը Անոյշ եւ Դաւիթ Բեկ Օփերաներուն, ծնած է Աղեքսանդրոպոլ (այժմու Կիւմրի քաղաքը 1879-ին։ Նախնական ուսումներէն ետք` 1894-ին, տակաւին 15 տարեկան, ան կը փոխադրուի Թիֆլիս, ուր` երկրորդական ուսումներուն առընթեր նաեւ երաժշտութեան ու դաշնաւորման դասեր կը ստանայ, Ֆլեյտա եւ Կլենովսկի ռուս ուսուցիչներու մօտ, ինչպէս նաեւ կ՛աշակերտի հայազգի՝ Մակար Եկմալեանի։
1902-ին կը վերադառնայ Աղեքսանդրոպոլ, ուր կը կազմակերպէ քառաձայն ժողովրդային երգչախումբ. Համերգներ կը սկսի տալ զանազան քաղաքներու մէջ, նախ Աղեքսանդրոպոլի, ապա` Թիֆլիս, Կարս եւ Պաքու քաղաքներուն մէջ, միշտ վեր հանելով հայկական երաժշտութեան ինքնուրոյն եւ բացառիկ նկարագիրը։
Այս շրջանին, քաջալերուելով իր հիմնած երգչախումբի գտած յաջողութենէն, Տիգրանեան կը ձեռնարկէ հայ օփերայի մը երգահանութեան դժուարին գործին. Յովհաննէս Թումանեանի վիպակներէն կ՛առնէ պատմութիւնը Անոյշի, որ հայկական գիւղական միջավայրի մէջ տեղի կ՛ունենայ եւ կամաց կամաց զայն կը վերածէ օփերայի. 1908-ին արդէն, Թիֆլիսի մէջ կը սկսի ներկայացնել մի քանի կտորներ Անոյշ-էն։ Ի վերջոյ, 17 օգոստոս 1912-ին, Աղեքսանդրոպոլի մէջ` առաջին անգամուայ համար կը բեմադրուի Անոյշը, իր ամբողջութեամբ եւ կ՛արժանանայ մեծ գնահատանքի. Բազմիցս կը ներկայացուի Ռուսիոյ եւ Կովկասի զանազան քաղաքներուն մէջ, խուռներամ բազմութիւններու ներկայութեան, որոտընդոստ ծափեր խլելով ամենուրեք։
1913-ին, Տիգրանեան կը հաստատուի վերջնականապէս Թիֆլիս, ուր կը դասաւանդէ երաժշտութիւնը Յովնանեան դպրոցին մէջ. Զանազան համերգներ ալ կու տայ իր մշակած գործերու ծրագրով. Կը սկսի աշխատանք տանիլ մշակումին ժողովրդական երգերու եւ պարերու. Իր ելոյթները կը կատարեն իր իսկ հիմնած երգչախումբն ու սիմֆոնիք նոագախումբը։
Իր առաջին ստեղծագործութիւններէն` յիշենք հետեւեալները. Հովերն առան սար ու դարեր, Ախ իմ ճամբէն, Սեւ աչերէն, որոնց խօսքերը Աւետիք Իսահակեանինն են, իսկ եղանակը Արմէն Տիգրանեանի։ Երկրորդ շրջանի ստեղծագործութիւններ են. Գիւղ, Հէյ ջան ջան, Գարնանացան, Արիւնոտ գիշեր երգերը եւ Շիրակ Զմրուխտի պարը։
Եւ ահա կը ձեռնարկէ իր երկրորդ օփերային, որ նոյնքան նշանաւոր կը հանդիսանայ քան առաջինը, Դաւիթ Բէկը. Առնուած է ան Րաֆֆիի մէկ համանուն դիւցազներգական վէպէն։ Տիգրանեան այս օփերայի վրայ աշխատեցաւ 1941-էն սկսեալ եւ աշխատանքը տեւեց մինչեւ իր մահը, որ տեղի ունեցաւ 1950 թուին, Թիֆլիսի մէջ։ Հետագային իր մարմինը փոխադրուեցաւ Երեւան, ուր կը հանգչի այժմ։
Դաւիթ Բէկի մէջ` Տիգրանեան դրած է հայրենասիրական իր պոռթկումը, հայրենիքի ազատութեան համար`հերոսներու մղած երբեմն յուսահատ պատերազմները։ Անոր մէջ կը գտնենք հայ ժողովուրդի հոգին, գիւղացիին երգը, աշուղական երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր մեղեդիները։ Միայն իր մահէն վերջ կրցաւ բեմադրուիլ օփերան, Սպենդիարեանի անունով շինուած նորակառոյց օփերայի թատրոնին մէջ։
Ստուգիւ Արմէն Տիգրանեան առանձնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ հայկական երաժշտութեան մշակոյթի պատմութեան մէջ. Իրմով է որ զարգացաւ եւ, կրնանք ըսել, իր գագաթնակէտին հասաւ հայկական օփերայի արուեստը։








All the contents on this site are copyrighted ©.