2011-09-09 12:40:44

«Օգնի՛ր Դպրոցիդ» Ծրագիրով Աւելի Քան Մէկ Միլիառ Դրամ Կը Հանգանակուի։


«Օգնի՛ր Դպրոցիդ» եւ «Օգնի՛ր Մանկապարտէզիդ» կայքերու միջոցաւ, վերջին վեց ամիսներու ընթացքին հանագանակուած գումարներու չափը գերազանցած է 1 միլիառ դրամը:
Քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ մեկնարկուած կրթօճախներու աջակցութեան ծրագիրի ծիրէն ներս դպրոցներու դրամատնային հաշուեհամարներուն փոխանցուած է 640 միլիոն 822 հազար դրամ:
Գումարը նուիրած են 1216 անհատներ եւ կազմակերպութիւններ:
Իսկ «Օգնիր Մանկապարտէզիդ» կայքի շնորհիւ, կամաւոր բարեգործութեամբ, մայրաքաղաքի տարբեր մանկապարտէզներուն աւելի քան 2000 անհատներ եւ կազմակերպութիւններ նուիրած են 369 միլիոն 772 հազար դրամ:








All the contents on this site are copyrighted ©.