2011-09-09 12:27:57

Կիրակի 11 Սեպտեմբերին Սուրբ Խաչի Տօնին առիթով Աղթամարի վրայ Պատարագ Պիտի Մատուցուի ։ Նախատեսուած է Նաեւ Նկարչական Ցուցահանդէս մը։


Վանեցի նկարիչ Հայտար Էքինէք Կիրակի Սեպտեմբեր 11ին Աղթամար Կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած պատարագին առիթով, պիտի ներկայացնէ «Իմ ծնած հողերուս մէջ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան հովերը» խորագրով նկարներու ցուցահանդէս:
Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ նուիրուած կայքէջին մէջ գրուած է թէ «Հայերը գրեթէ հարիւրամեայ ընդմիջումէ ետք առաջին անգամ Աղթամար-ի Եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցելու թոյլտւութիւն ստացան անցեալ տարի, իսկ երկրորդ պատարագը այստեղ նախատեսուած է կատարել այս տարուան Սեպտեմբերին»:
Եկեղեցին թանգարանային կոթող հռչակուած է թրքական պետութեան կողմէ եւ ցուցահանդէսը այս ծիրէն ներս կ՝իրագործուի: Նկարիչ Էքինէք հրաւիրատոմսերը տպած է թրքերէն, անգլերէն, հայերէն ու քրտերէն լեզուներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.