2011-09-08 12:33:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 8 սեպտեմբեր 2011 - ի առաւօտեան ժամը 11ին Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պալատին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հնդկաստանի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ եկած իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ապա ժամը 11.45 Սրբազան հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Մարոքի Դեսպանին` ողջերթի այցելութեան առթիւ։
Հուսկ ժամը 12 Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Միլանոյի Նոր Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անճէլօ Սգոլան որ յառաջիկայ 25 սեպտեմբերին կը յաջորդէ Կարտինալ Թեթամացիին։


Վիեննայի արտգործ նախարարի այցը Վատիկան։
Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Վիենայի արտգործ նախարարը եւ անոր կողակիցը հանդիպում ունեեցան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ, որմէ ետք Աւստրիոյ դիւանգէտը տեսակցութիւն ունեցաւ Ս. Աթոռի արտգործ նախարար գերապայծառ Մանպերթիին հետ շոշափելով հետեւեալ նիւթերը. Եւրոպական Միութիւնը եւ երկխօսութիւնը տարբեր կրօներու հետ, կրօնի ազատութեան հարցը։ Աւստրիոյ դիւանգէտը Հռոմ կեցութեան ընթացքին այցելեց Վատիկանի գետնադամբանը, որ կը գտնուի ս. Պետրոս տաճարին ներքեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.