2011-09-08 12:42:07

Հնդկաստանի Տելհիի Գերագոյն Ատեանի դէմ մահափորձը 9 մեռեալներ պատճառած է։


Հնդկաստանի եպիսկոպոսները սրտաճմլիկ կոչ մը ուղղած են ահաբեկիչներու հրաժարելու բռնութենէն եւ աշխատին խաղաղութեան կերտումին։ Տելհիի Գերագոյն Ատեանի դէմ մահափորձը պատճառած է 61 վիրաւորներ եւ 9 մեռեալներ։ Եկեղեցին կը դատապարտէ յանձապարտները եւ պատասխանատուներէն կը խնդրէ սատարել եղբայրակցութեան ու խաղաղութեան կերտումին։ Նոյնպէս Հնդկաստանի եկեղեցին վերակոչեց քրիստոնեաներու կրած բռնութիւնները եւ հրաւիրեց ինդու ծայռայեղները հրաժարելու բռնութիւն բանեցնելէ յանուն կրօնի, քրիստոնեաները կը բաղձան քարոզել սէրը ու աշխատիլ ազգին բարօրութեան ի նպաստ, կը գրեն Հնդկաստանի եպիսկոպոսները իրենց պատգամին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.