2011-09-08 12:54:24

Հարաւային Քորէայի Եկեղեցին Կը Հրապարակէ Իր Առաջին Ուղեցոյց-գիրքը Երկրի 130 Սրբավայրերու Մասին։


Գիրքը` սեպտեմբեր ամսոյն մէջ լոյս պիտի տեսնէ, ունենալով որպէս նպատակ ճանչցնել եկեղեցւոյ գանձերը։ Հատորին նախաբանը, որ կը կրէ ստորագրութիւնը Քորէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, կը ներփակէ ներածական մը ամէն թեմի սրբավայրերու մասին, քարտէս մը հոն ուղղուելու համար եւ տեղեկութիւններ պատարագին մասնակցելու, խոստովանելու կամ հոգեւոր կրթութիւն կատարելու։ Հատորը իրականացաւ նախաձեռնութեամբ՝ ուխտագնացութեան ու սրբավայրերու ենթայանձնախումբին, որ պատասխանատու է Քորէա ապրող գաղթականներու եւ օտարներու հովուութեան։ Յանձնախումբի քարտուղար` Հայր Եուն Ժինի գնահատումով ուղեցոյց գիրքը յոյժ օգտակար պիտի ըլլայ բոլոր անոնց որոնք կը նպատակադրեն անհատական կամ խմբային ուխտագնացութիւն կատարել եւ ճանչցնել եկեղեցւոյ գանձերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.