2011-09-08 12:53:20

Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Աւելի Հաւանական Կը Դառնայ:
Լարուածութիւնը կը Մագլցի Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ։


Իսրայէլի հայ համայնքը սպասողական վիճակի մէջ է, Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հոկտեմբերին ակնկալուող Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի քննարկումներուն պատճառով: Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւան յայտնած է, թէ հակառակ ամառնային արձակուրդին, Հայ Դատը կապի մէջ է խորհրդարանի կրթական յանձնաժողովի անդամներուն հետ եւ տեղեակ է նորագոյն զարգացումներէն: «Խորհրդարանի որոշ անդամներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, երբ յայտարարութիւններ կը կատարեն Հայկական Հարցի մասին, ապա այդ մէկը անոնց անձնական նախաձեռնութիւնն է», նշած է Սեւան:
Խօսելով Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեանց մասին, Սեւան ընդգծեց, որ վերջերս անոնք զգալիօրէն բարձրացած են: «Կը կարծեմ, որ այսօր Իսրայէլը կը փորձէ օգտագործել Հայկական Հարցը, Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու համար», կարծիք յայտնած է Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախմբի պատասխանատուն, ընդգծելով, որ Հայկական Հարցի նկատմամբ վերջին տարիներու իսրայէլեան քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները անկիւնադարձային էին: Այդ մէկը նկատելի է նաեւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքին մէջ, որ աւել հայամէտ դարձած է: «Մենք կը հաւատանք, որ վերջ ի վերջոյ յաղթական դուրս պիտի գանք այս պայքարէն», ըսած է Յակոբ Սեւան:
Միւս կողմէ ինչպէս ծանօթ է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը «ամբողջովին կը սառեցնէ» Իսրայէլի հետ զինուորական ճարտարարուեստին վերաբերող յարաբերութիւնները: Էրտողան Անգարայի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ «ամբողջովին պիտի առկախենք առեւտրական եւ զինուորական յարաբերութիւնները, որոնք կը վերաբերին զինուորական ճարտարարուեստի մարզի յարաբերութեանց եւ այդ քայլին պիտի հետեւինք տարբեր միջոցներով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.