2011-09-08 12:51:25

Եգիպտոսի Քրիստոնեաները Կը Վախնան Մահմետական Սալաֆիդներու Ներկայութենէն։


Մուպարաքի անկումէն ետք, ծայռայեղ մահմետականները հետզհետէ տէրը կը դառնան երկրին, Ղպտիները կը մտահոգ են իրենց ապագային համար, եւ անոնց հետ այս մտավախութինը կը բաժնէկցի զուիցերացի գրագետուհի Քրիստին Շայօ, մասնագէտ Արեւելքի եկեղեցիներու։ Շայօ յառաջիկայ 22 սեպտեմբերին հատոր մը կը հրապարակէ ''Եգիպտոսի ղպտիները, խտրականութիւն եւ հալածանք 1970-2011'' վերտարութեամբ։
Ղպտի քրիստոնեաները, որոնց հիմնադիրը եղած է Մարկոս աւետարանիչը կը հաշուեն 7-8 միլիոն հաւատացեալ։ Այս եկեղեցին Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցին է։ Միջազգաղին մամուլը վերջերս կը մատնանշէ մահմետական սալաֆիդներու մեծ սպարնալիքի մասին ու անոնց բացայայտ հակառակութեան քրիստոնեաներու ներկայութեան Եգիպտոսի հողին վրայ։
Սալաֆիսդ աւանդապաշտ շարժումը կը պահանջէ դարձը իսլամութեան ծագումին, հիմնուած գուրանի եւ սուննայի վրայ։ Անիկա կը ներկայացնէ առաջին դարերու իսլամութիւնը։
Նշենք որ զուիցերացի գրագետուհի Քրիստին Շայօ արդէն բազմաթիւ հատորներ հրապարակած է Արեւելեան եկեղեցիներու հոգեւորութեան մասին, լաւագոյնս ճանչցնելու այդ հին համայնքներու պատմութիւնը, հոգեւորութիւնը, ծէսը, վանական կեանքը, գրականութիւնը։ Վերջին հատորին վերնագիրն է. ''Արեւելեան օրթոտոքս եկեղեցիներու կեանքն ու հոգեւորութիւնը. ասորի, հայ, ղպտի ու եւթոպական աւանդութիւնները''։ Այս ուսումնասիրութիւնը կարող է ծառայել համամիութեան ու միջկրօնական երկխօսութեան` մասնաւորապէս մահմետականներու նկատմամբ







All the contents on this site are copyrighted ©.