2011-09-08 12:53:35

«Մեծ Մայրիկին Դաջուածքները»՝ Սիւզան Խարտալեանի Նոր Շարժապատկերը:


ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- «Grandma՛s Tattoos» («Մեծ Մայրիկին Դաջուածքները») շարժապատկերը կ՛անդրադառնայ այնպիսի դէպքերու, որոնք 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին պատահեցան շատ հայ կանանց հետ: Շարժապատկերի հեղինակ Սիւզան Խարտալեան, պտոյտ մը կատարելով իր ընտանիքին մէջ՝ կը փորձէ հետաքննել իր մահացած մեծ մօր՝ Խանումի, կեանքի իրական պատմութիւնը:
Շարժապատկերը նման է ուրուավէպի… առեղծուած մը, բանադրանք մը: Ոչ ոք ցանկութիւն ունի ամբողջ պատմութիւնը պատմելու… Եւ որպէսզի հնարաւոր ըլլայ խճանկարը ամբողջացնել, կը դեգերինք մէկ պատկերէն միւսը, այսօրուան Շուէտէն մինչեւ Սիւզան Խարտալեանի ծննդավայրը՝ Պէյրութ:
Շարժապատկերին մէջ կը հանդիպինք մեծ մօր քրոջ՝ 98ամեայ Լիւսիային, որ կ՛ապրի Հոլիվուտ: Լիւսիան եւս ունի իր քրոջ դաջուածքներէն: Ան եւս կը խուսափի պատմելէ ամբողջ պատմութիւնը: Լիւսիան, տարագրութեան օրերուն, իր քրոջ եւ մօր հետ կ՛ապաստանի քիւրտ ցեղի մը մօտ եւ այնտեղ կը մնայ քանի մը տարի: Կը հանդիպինք նաեւ մեծ մօր միակ ապրող զաւակին՝ Մարիին, որ կ՛ապրի Պէյրութ եւ որ նոյնպէս տեղեակ չէ ամբողջ պատմութենէն: Մեծ մայրիկը նոյնիսկ իր աղջկան չէ պատմած այդ մասին: Բացարձակապէս արգիլուած էր խօսիլ «չխօսելիք»ին մասին: Մեծ մայրը հեռու էր ֆիզիքական բոլոր շփումներէ: Չէր սիրեր ուրիշներուն դպչիլ ու չէր ուզեր, որ ուրիշները իրեն դպչին: Երբեք մօտ չէ եղած շուրջիններուն, նոյնիսկ՝ իր ամուսնոյն:
Ի վերջոյ Սիւզանի մայրն է, որ կը պատմէ մեծ մօր պատմութիւնը: Մեծ մայրիկ Տիկին Խանումը միայն 12 տարեկան էր, երբ իր մօր եւ քրոջ ներկայութեամբ բռնաբարուած է քիւրտ նաւավարի մը կողմէ, Եփրատի ափին, երբ իրենք կը փախչէին ջարդերէն:
Շարժապատկերին մէջ մենք եւս կը կատարենք նոյն «պտոյտ»ը, զոր կատարած է մեծ մայրիկը: Անցնելով Եփրատի վրայով, անոնք կը հասնին Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքը, ուր հանգրուանեցին հարիւր հազարաւոր հայեր:
Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա եւ ԱՄՆ ճամբորդութեան ընթացքին կը հանդիպինք դաջուածքներ ունեցող հայ կանանց երեխաներուն եւ կը հասկնանք, որ իրենց վէրքը եւս նոյնն է… որ բռնաբարութիւնն ու սեռային ոտնձգութիւնները «բնատիպ» էին ջարդերէն գոյատեւած հայ կանանց համար:
«Մեծ մայրիկին դաջուածքները» պատմութիւն մըն է, ուր աշխարհի իրականութիւնն ու երեւակայութիւնը այնքա՛ն շաղախուած են, որ դժուար է զանոնք տարանջատել: Փոքրիկը նաեւ այն մեծ մայրիկն է, որ դաջուած է եւ բռնաբարուած, եւ որ հետագային պիտի բացայայտէ դաջուածքը, ու զզուանք զգալով պիտի փորձէ զայն անջատել իր ցաւէն:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող շարժապատկերին արտադրողն է Փիօ Հոլմքուիսթ: Իսկ հեղինակը յիշենք անգամ մը եւս Սիւզան Խարտալեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.