2011-09-07 12:31:47

Հայաստան 4-0 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնեց Սլովաքիան՝ Խլելով Այսպէս Երրորդ Դիրքը։


Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ֆութպոլի պարտութեան մատնեց Սլովաքան ` անոր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրելով: Ֆութպոլի մրցա-գրաւի գրասենեակները նախքան մրցումը կը կասկածէին Հայաստանի արձանագրելիք յաղթանակին վրայ, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի հաւաքականը նախանցեալ շաբաթ քիչ մը տկար նկատուող Անտորրայի դէմ արձանագրուած յաղթանակը (3-0) նկատած էին սովորական:
Սակայն երէկուան մրցումին, հայրենի կազմը փաստեց, որ կրնայ նոյնիսկ իրմէ աւելի զօրաւոր նկատուող կազմեր ալ պարտութեան մատնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.