2011-09-07 12:28:44

Արաբական Լիկայի Ընդհանուր քարտուղարի Սուրիա Այցելութիւնը Յետաձգուած...


Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Ալ Արապիի Սուրիա կատարելիք այսօրուան այցելութիւնը յետաձգուած է:
Մինչ այդ, Նապիլ Ալ-Արապի երէկ Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «վաղը (այսօր) հանդիպում պիտի ունենամ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, անցեալ ամսուան վերջաւորութեան տեղի ունեցած Արաբ Նախարարներու արտակարգ ժողովին կողմէ ստացած լիազօրութեան հիմամբ անոր ներկայացնելու համար սուրիական տագնապը լուծելու արաբական նախաձեռնութիւնը»:
Նշենք, որ ըստ լոնտոնեան «Հայաթ» եւ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթերուն, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը իրեն հետ Դամասկոս պիտի տանէր Սուրիոյ տագնապը լուծելու նախաձեռնութիւն մը, որուն առաջադրած կէտերուն շարքին էր` 2014-ին նախագահական ընտրութիւններ կատարել, բանակը քաղաքական եւ քաղաքային կեանքին միջամուխ չդարձնել, բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնել, բռնարարքներէն տուժածներուն հատուցում կատարել եւ բոլոր ձերբակալեալները ազատ արձակել:
Միւս կողմէ, քուէյթեան «Քոնա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահի մամլոյ եւ քաղաքական հարցերու խորհրդական Պուսայնա Շաապան 10 սեպտեմբերին Մոսկուա կ՛այցելէ` ռուս պաշտօնատարներու հետ շարք մը հանդիպումներ ունենալու համար: Կը նախատեսուի, որ ան հանդիպումներ ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն, Տումայէն եւ Դաշնակցային խորհուրդէն պաշտօնատարներու հետ:









All the contents on this site are copyrighted ©.