2011-09-07 13:05:44

2011-ի Նորօծ Եպիսկոպոսները Դասընթացքի Կը Հետեւին, Վատիկանի Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կազմակերպութեամբ։


2011 տարւոյն ընթացքին աւելի քան 130 նորօծ եպիսկոպոսներ, որոնց շարքին երկու հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ՝ արհիապատիւ Ռափայէլ Արք. Միանասեան` առաջնորդը Հայաստանի, Վրաստանի ու Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու եւ Արհիապատիւ Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեան` առաջնորդը Հիւսիսային Ամերիկայի, սեպտեմբեր 7-16 կը մասնակցին կազմաւորումի մէկ նիստի մը Վատիկանի նախաձեռնութեամբ։ Եպիսկոպոսները պիտի հետեւին շարք մը դասախօսութիւններու` օրական երեք դասախօսութիւն։ Իսկ 15 սեպտեմբերին նորօծ եպիսկոպոսները հանդիպում պիտի ունենան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի հետ, Գասթել Կանտոլֆօ՝ քահանայապետական ամարանոցին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.