2011-09-06 11:26:04

Օրթոտոքս Հոգեւորութեան Միջազգային Համամիութենական 19-րդ Հանդիպումը
''Աստուծոյ Խօսքը Հոգեւոր Կեանքին Մէջ'' Նիւթին Մասին։


7-10 սեպտեմբեր Իտալիոյ Բիեմոնդէ մարզի Պոզէ համամիութենական վանական հասարակութեան մէջ տեղի կ'ունենայ օրթոտոքս հոգեւորութեան 19-րդ հանդիպումը, ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ. Աստուծոյ խօսքը հոգեւոր կեանքին մէջ։
Նիւթը պիտի սերտէ Ս. Գիրքի միաւորութիւնը Ս. Հոգւոյ մէջ, Աստուծոյ խօսքին մէջ եւ հոգեւոր կեանքին մէջ։
Ուսումնաժողովին կը մասնակցին վանականներ եկած Յունաստանի, Ռուսիոյ, Պուլկարիոյ, Սինայի լեռան, Հայաստանի եւ ԱՄՆի օրթոտոքս վանքերէն։ Նոյնպէս կլոր սեղանին կը մասնակցին վանականներ եկած կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիներու պատկան Պելկիայի, ֆրանսայի, Իտալիոյ, Զուիցերիոյ եւ Հունգարիոյ մենաստաններէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.