2011-09-06 11:22:53

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Երեքշաբթի 6 սեպտեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 11.30 Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Վատիկանի Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու երբեմնի Նախագահ Կարտինալ Անտրէյ Մարիա Տեսքուրի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախագահութեամբ` Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոյի ԿարտինալականԴասի երեց Կարտինալ ու այլ եպիսկոպոսներու ու կարտինալական դասի անդամներու մասնակցութեամբ։
Նշենք որ Կարտինալ Տեսքուրը իր մահկանացուն կնքեց Հռոմի մէջ` 87 տարեկանին` անցեալ 3 սեպտեմբերին։


Երեքշաբթի 6 սեպտեմբերի յետ միջօրէին Վատիկանի Ձայնասփիւռի Մարքոնի անուամբ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ռատիովատիկանի աշխատակից Ալէսսանտրօ Ճիզոդդիի << 11 սեպտեմբեր։ Շարունակական պատմութիւնը մը>> վերնագրով գիրգի շնորհանդէսը որուն ներածականը կը կրէ` Շիքակոի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ ֆրանսիս Ժորժի ստորագրութիւնը։ Ներակայացումը կատարեց Քահանայապետական Ռատիոյի Տնօրէն հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին ու ապա տեղի ունեցան` հեղինակին կոխքին` զանազան իտալացի լրագրողներու միջամտութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.