2011-09-06 11:19:26

Սրբազան Քահանայապետին Հովուական Այցելութիւնը Անքոնա , Եզրափակելու Ամենասուրբ Հաղորդութեան Ազգային 25-րդ Գիտաժողովը։


Դաշնակցային Գերմանիա մեկնելէն տասը օր առաջ, 22-25 սեպտեմբեր, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, 11 Սեպտեմբերին Իտալիոյ Անքոնա քաղաքը պիտի այցելէ, եզրափակելու Ամենասուրբ Հաղորդութեան ազգային 25-րդ գիտաժողովը, որուն բնաբանն է Ս. Հաղորդութիւնը առօրեայ կեանքին մէջ։ Ծիսակատարութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը պիտի արտասանէ ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը սեղանակից պիտի ըլլայ գործազուրկ բանուորներուն եւ աղքատներուն։ Իսկ յետմիջօրէին՝ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում պիտի ունենայ կղերին, ընտանիքներուն ու երիտասարդ նշանածներուն հետ։ Գիշերուայ ժամը ութին Սրբազան Հայրը Վատիկան կը վերադառնայ։ Ասիկա Սրբազան Հօր 24-րդ այցելութիւնն է Իտալիոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.