2011-09-06 11:56:39

Սերժ Սարգսեանի Ելոյթը՝ Տուշանպէ-ի Մէջ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Տաճիկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ 3 սեպտեմբերին տեղի ունեցած ԱՊՀ վեհաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը արեան գնով նուաճած է անկախութեան իրաւունքը:
Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը բոլոր հիմքերը ունենալով` օգտուած է ինքնորոշման իրաւունքէն եւ արեան գնով նուաճած է անկախ գոյատեւման իր իրաւունքը:
Սերժ Սարգսեանի ելոյթը յառաջացուց վեհաժողովին մասնակցող Ազրպէյճանի վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի դժգոհութիւնը: Վերջինս իր պատասխան ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի նախագահին խօսքերը հարցականի տակ կը դնեն ղարաբաղեան տագնապի լուծման միջնորդական առաքելութիւնը իրականացնող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը եւ նմանատիպ խաղաղարար նախաձեռնութիւնները:

Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովը յոբելենական էր` անիկա նուիրուած էր Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան Ձեւաւորման 20-ամեակին: Վեհաժողովին ներկայ էին ԱՊՀ-ի 11 անդամ երկիրներէն 8-ին` Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Թիւրքմենիստանի, Մոլտաւիոյ եւ Տաճիկիստանի նախագահները:








All the contents on this site are copyrighted ©.