2011-09-04 12:44:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քաէանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը
<<Եղբայրսիրութիւն Եւ Ներողամտութիւն>>


Կիրակի 4 սեպտեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 12ին Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն Նորին Սրբութիւնը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ամարանոցի հրապարակը համաախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ որոնց մէջ յիշենք յատկապէս ԱԳԼԻ Իտալական Քրիստոնեայ Բանուորներու Կազմակերպութեան 500 հոգինոց պատուիրակութիւնը որ այս առթիւ Սրբազան Հօր նուիրեցին Բեթղեհէմի ԱԳԼԻԻ ՅՊԲ արուեստից կեդրոնի Պաղեստինցի երիտասարդ ուսանողներու կողմէ հիւսուած ձեռագործ մը ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր

Այսօրուայ Սուրբ Գրային ընթերցումները կը խօսին եղբայրսիրութեան, ողորմութեան ու ներողամտութեան մասին որոնք իրենց ակնաղբիւրը կը գտնեն Սուրբ Երրորդութեան հաղորդակցութեան մէջ։
Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ թէ Աստուծոյ օրէնքի ամբողջականութիւնը կը գտնուի սիրոյ մէջ։ Ուրիշներու հետ մեր յարաբերութիւնը կը ներփակուի հետեւեալ խօսքին մէջ << Պիտի սիրես քու ընկերդ քու անձիդ պէս>>։ Սուրբ Մատթէոսի աւետարանի 18 գլուխը կը խորացնէ այս հաւաստիքը ու մեզի կը փոխանցէ եղբայսիրութեան պարտականութիւնները. Եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի հանդէպ պետք եմ ողորմութեան ու ներողամտութեան դիմել ու իր քով երթալով անոր հասկցնեմ իր սխալը։Այս քայլը հետեւանքն է եղբայրսիրութեան։
Ու ե՞թէ եղբայրս ինծի մտիկ չընէ։ Այս ուղղութեամբ սուրբ Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ աաստիճանական ուղեցոյց մը եւ այս ուղեցոյցը կը հիմնուի հասարակական կեանքի պատասխանատուութեան վրայ։

Ողորմութեան պտուղներէն մին Քրիստոնեական հասարակաց կեանքէն ներս միասնական աղօթքն է։ Յիսուս կ՛ըսէ <<եթէ ձեցմէ երկու հոգի միաբանին երկրի վրայ, ինչ որ խնդրեն` պիտի ընդունին երկնաւոր Հօրմէս։ Որովհետեւ հոն ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած են իմ անունովս, ես անոնց մէջն եմ։ Առանձնական աղօթքը անշուշտ կարեւոր ու անհրաժեշտ է սակայն Տէրը իր ներկայութիւնը կը վստահեցնէ միացած հասարակութեան մէջ որ ցոլացումն է Սուրբ Երրորդութեան գերագոյն սիրոյ կապին։

Ուստի վարժինք Եղբայրական ներողամտութեան ու աղօթքին. Այս կարելի է հեզութեամբ ու սրտի խոնարհութեամբ ։ Այս դիտմամբ հայցենք Աստուածամօր ու Եկեղեցւոյ Վարդապետ մեծն Սուրբ Գրիգոր Քահանայապետի բարեխօսութիւնը։



Աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յիշելով մասնաւորապէս Անգոնայի մէջ
տեղի ունեցած Սուրբ Հաղորդութեան Նուիրուած ազգային 25 համաժողովի բացման արարողութիւնը ու յատուկէն ողջունելով ԱԳԼԻ Իտալական Քրիստոնեայ Բանուորներու 500 հոգինոց պատուիրակութիւնը որոնք ՅՊԲ երջանկայիշատակ Սրբազան Քահանայապետի Laborem exercens շրջաբերական թուղթի հրապարակման 30րդ տարեդարձի առթիւ` 1 - 4 սեպտեմբեր` իրենց 44րդ Համաժողովը գումարած էին Գասթել Կանտոլֆոյի մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով իր խօսքը բարի կիրակի մաղթեց բոլորին ու ներկաներուն տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.