2011-09-04 10:46:08

Մարոնիներու Անտիոքի ու Համայն Միջին Արեւելքի Պատրիարք՝ Պշարա Էլ Րայի 9 Օրուայ Այցելութիւնը ֆրանսա։


Լիբանանու Մարոնիներու Պշարա Րայի Պատրիարքը շաբաթ 2 սեպտեմբերին մեկնեցաւ ֆրանսա ուր կը մնայ մինչեւ սեպտեմբեր 11ը։ Իր այցելութեան ընթացքին Լիբանանի Մարոնիթ համայնքապետը հանդիպում պիտի ունենայ ֆրանսայի Նախագահ Նիքոլա Սարգոզիի հետ ինչպէս նաեւ ֆրանսայի վարչապետ ֆրանսուա ֆիլլոնի` արտգործ նախարար Ալէն Ժուբբէի եւ Ներքին գործոց նախարար Գլոտ Կէանի հետ։ Պատրիարքը ապա հանդիպում կ՛ունենայ Փարիզի արքեպիսկոպոս ու ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարտինալ Վէն Թրուայի հետ։ Թողելով Փարիզը Պշարա Րայի Պատրիարքը պիտի այցելէ Լուրտի սրբավայրը ու Մարսիլիան ուր տեղական քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ երկու քաղաքներու մարոնիթ գաղութներու հետ հանդիպումներ կ՛ունենայ։
Նշենք որ 4 սեպտեմբերին Փարիզի՝ Լիբանանու Տիրամօր նուիրուած Տաճարին մէջ, Մարոնիներու Պատրիարքը կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը ի ներկայութեան մարոնիթ համայնքին, որ ֆրանսայի մէջ 80 հազար հաւատացեալ ունի որոնցմէ 30 հազարը Փարիզեան մարզէն ներս կ՛ապրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.