2011-09-04 10:26:18

Երիտասարդական Հաւաք Վանաձորի մէջ


՜՜Արմատաւորուած եւ կառուցուած Յիսուս Քրիստոսի վրայ հաստատ մնանք հաւատքի մէջ՝՝ բնանիւթով։
2011-ի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը որ տեղի ունեցաւ Մատրիտի մէջ 16-21 Օգոստոս 2011, մասնակցեցան աշխարհի չորս կողմերէն երիտասարդներ ու նաեւ հայ երիտասրդներ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն։
Այս առթիւ Վանաձորի մէջ Գերապայծառ Յովսէփ Թ Ծ Վրդ Քելեկեան դասախօսական հանդիպումին ընթացքին խօսեցաւ երիտասարդներուն դերին մասին մեր ընկերութեան մէջ։
Գերապայծառ Քելեկեան նախ խօսեցաւ հայկական խաչի մասին .
Ա ­ Մեր արմատները հայկական խաչի պատկերին ընդմէջէն
Եթէ ուսումնասիրենք հայկական խաչը, կը տեսնենք հետեւեալ խորհրդանիշերը.
Խաչը մեռած եւ անպտուղ փայտ մը չէ, տախտակ մը չէ, ան ապրող ու կենդանի ծառ մըն է. Մեր Հայրերը խաչին պատկերը գտած են դրախտին մէջ, ուր կեանքի ծառը տնկուած էր ճիշդ դրախտի մէջտեղը։
Հայկական խաչը ունի արմատներ, նման պտղատու ծառի մը որ կը շարունակուի հողին տակ, եւ կ՛երկարի իր արմատներով, որոնք ծառը կանգուն կը պահեն, չեն թողուր որ կործանի եւ հողէն ու ջուրէն կեանք կը ստանան ու կը բաշխեն այդ կեանքը բոլոր ծառի ջիղերուն մէջ։
Հայկական խաչը զարդարուած է իր ծայրերուն կրելով ծաղիկներ, որովհետեւ այն ծառը որ հաստատուն արմատներ ունի, կու տայ բարի պտուղներ. Այն քրիստոնեան, որ արմատացած է իր հաւատքին մէջ` անպայման բարի պտուղներ կու տայ, այսինքն բարիք կը գործէ իր բոլոր կեանքին մէջ։
Ի վերջոյ հայկական խաչին մէջ կան իրար մէջ հիւսուած գիծեր, որոնք որոշ նշանակութիւն մը ունին. Անոնք յաւիտենական կեանքը կը խորհրդանշեն, կեանք մը որ երբեք վերջ պիտի չունենայ, իրար փաթթուող այդ գիծերու նման. Կեանքի ծառը, որ պատկերացուած է խաչի նշանով` անվերջ է ու յաւիտենական։
Ուստի մենք հայերս, մեր խաչի նշանով, որ մահուան նշան չէ այլ նշան յաղթութեան եւ կեանքի, այլ եւս յաւիտենական կեանքի, կրնանք ըսել իրաւացիօրէն Պօղոս առաքեալի հետ`
Արմատաւորուած ենք ու կառուցուած Յիսուս Քրիստոսի վրայ, աւելի եւս անոր սուրբ խաչին վրայ, որ մեր փրկութեան գործիքն է եւ միեւնոյն ժամանակ նաեւ մեր յաւիտենականութեան երաշխիքը։

Բ ­ Մեր արմատները Դրոշմի խորհուրդի կնիքի ընդմէջէն.
Երբ ստացանք դրոշմի օծումը, վարդապետը օծեց մեր մարմնի զանազան մասերը, մեզ դարձնելով հզօր չարին դիմաց. Մկրտութիւնը մեզ քրիստոնեայ ըրաւ, իսկ դրոշմը մեզ հաստատեց, կնքեց քրիստոնէութեան մէջ ­ մեռոնը պարգեւեց մեզի Աստուծոյ Սուրբ Հոգին։ Ի՞նչ է խորհրդանիշը մարմնի զանազան մասերու օծումին.
Ճակատի օծում ­ Աստուածային եւ երկնաւոր պարգեւներ ­ իմացականութեան եւ խելքի կեդրոն ճակատը, որով մենք կը մտածենք, կը խօսինք եւ վեր կը բարձրանանք նիւթէն. Անով մենք կը հաստատուինք եւ հաւատքի շէնքը կը կառուցուի մեր մէջ։ Պայքար ընդէմ չարին եւ աղանդներուն որոնք կ՛ուզեն մթագնել մեր խելքը, զայն խանգարել, խելքի ահաւոր լուացումով։
Աչքերը` հայելի մեր հոգւոյն ­ լուսաւորում որպէսզի ունենանք ուժը ապրելու նաեւ մահուընէ ետք։ Աչքը մեզ կը տանի շատ տեղեր, կը պատճառէ շինութիւն եւ լուսաւորում, բայց նաեւ գայթակղութիւն եւ մեղքի առիթ։ Հսկողութիւնը մեր անձին` կը սկսի աչքէն։
Ականջները` որպէսզի լսենք ու իմանանք Աստուծոյ պատգամը, անոր պատուիրաններուն ընդմէջէն։ կարենանք զտել մեր իմացածներուն մէջէն` չարը բարիէն, վնասակարը օգտակարէն։
Քիթը` որով մեր հոտառութիւնը պիտի վարժուի շնչել եւ իր թոքերուն մէջ առաջնորդել մաքուր օդը եւ միայն այն ինչ որ օգուտ կու տայ մեր կեանքին ու մեզ կը պահէ առողջ, մարմնապէս եւ հոգեպէս։
Բերանը` կեդրոն խօսքին, որ արտայայտութիւնն է մեր մտքին. Ամէն բարի, ինչպէս նաեւ ամէն չար բան յառաջ կու գայ մարդուն բերնէն, անոր լեզուէն։ Յիշել Եւզոբոսի առակը։
Ձեռքերը` որոնք պատճառ պիտի ըլլան բարեգործութեան եւ անշուշտ ոչ չարագործութեան։ Ձեռք կը թօթուենք ի նշան բարեկամութեան, ողջոյն կու տանք իրարու, մեր սէրն ու յարգանքը կը յայտնենք. Բայց նաեւ կրնանք զարնել, վիրավորել ու սպաննել, կրնանք վնաս հասցնել ուրիշին։
Սիրտը` որպէսզի մեր մէջ` այդ անդամը սրբութեան աղբիւր ըլլայ ­ սիրտ սուրբ եւ հոգի ուղիղ։ Սիրել` երկրորդ կարեւոր գործունէութիւնն է մարդ արարածին, որ հրաւիրուած է նախ ճանչնալու եւ ապա սիրելու։ Սրտի ճանապարհները դժուար ու անհասկնալի են յաճախ. Մեր սիրտը պէտք ունի ուղղութեան, առանց որուն իր ղեկը ամենեւին կրնայ կորսնցնել։
Կռնակը` որպէս նշան պաշտպանութեան ետեւէն եկած յարձակումներուն դէմ ­ վահան ամրութեան։
Ոտքերը` որպէսզի մեր ճանապարհը բարի ըլլայ, որպէսզի պաշտպանուինք կեանքի շատ մը փորձանքներուն ու փորձութիւններուն դէմ։

Գ. Իրական երիտասարդութիւնը սրտին ու հոգիին մէջն է եւ ոչ թէ տարիքին հետ կապուած է։ Տարիքը կ՛օգնէ, սակայն չի բաւեր երիտասարդ մնալու համար։ մազերը ներկելով, դէմքի գծերը քաշել տալով մենք չենք կրնար մնալ երիտասարդ. Բայց մեր շրջապատին յարմարելով, նորութիւններուն հետամուտ ըլլալով, հետաքրքրուելով այն ամէն բանով որով կը հետաքրքրուի երիտասարդութիւնը, բաց սիրտ մը ունենալով ամէնուն հանդէպ անխտիր, ահա ինչ որ մեզ կը պահէ երիտասարդ, նոյնիսկ տարիքի յառաջացումին ընդմէջէն։
Երիտասարդութիւնը տարիք մը չէ այլ սրտի կլիմայ մըն է ­ խանդավառութիւնը որ կայ երիտասարդին մէջ, փայլը որ կայ աչքերուն մէջ, կրակը որ կայ սրտին մէջ` յառաջ կը բերեն ջերմութիւն մը, տենթ մը, որով կը դառնայ աշխարհը։ Երիտասարդութեան այս կրակն է որ մնացեալ աշխարհի կլիման նորմալ կը պահէ (Պեռնանոս)։

Դ. Այսօր աւելի քան երբեք Եկեղեցին պէտք ունի երիտասարդութեան։
Իսկ մեր համայնքը` շատ շատ աւելի պէտք ունի երիտասարդ ուժերու, որով արդէն մենք հողին մէջ խրած ենք։ Ձեզմէ երիտասարդներէդ կը սպասենք որ աւելի ներդրում կատարէք մեր համայնքի մէջ։ Պիտի ըսէք թէ մեզի առիթ չի տրուիր. Դուք պիտի ստեղծէք առիթը եւ յառաջ բերէք բարերար յեղափոխութիւնը, որ յառաջ պիտի տանի մեր ընթացքը, աւելցնելով մեր հաւատքի սկզբունքը։
Օրինակ` պատարագի ընթացքին` հայկական նուագարաններու գործածութիւնը. Տուտուքը, քամանչան… ժամանակի ընթացքին օգտագործուող նուագարաններ, այժմ արգիլուած. Ինչու՞ միայն երգեհոնը, որ հայկական գործիք մըն ալ չէ, արտօնուած է արարողութիւններուն մէջ, ։ Տուտուքի սիրահարները շատցան, եւ արեւմտեան եկեղեցիները արդէն ընդգրկեցին իրենց արարողութիւններուն մէջ։ Անոր մեղմ, սրտէն բխած, թիւդական, գրաւիչ եւ աղօթքի հրաւիրող ձայնը ինչու չօգտագործուի մանաւանդ մեր ծէսին մէջ։
Պէտք է յաջողինք մենք մօտ ապագային կազմակերպելու երիտասարդներու համար պատարագներ, որպէսզի մեր ծերերը չի գայթակղին եւ մեր երիտասարդներն ալ վերագտնեն եկեղեցւոյ ճանապարհը։

Ե. Ապագան ձերն է…
Եթէ այս խօսքերուն տարողութիւնն իմանայիք, այսօր պիտի խուժէիք եկեղեցի։ Եթէ նոր աւիւն, նոր խանդ, նոր արիւն չի ներխուժէ մեր համայնքէն ներս, տակաւին հազիւ տասը տարի կրնանք ապրիլ, ապա պիտի անյետանանք, մեր իսկ յանցանքով, որովհետեւ մերժեցինք թարմացնելու մեր ուժերը։



Եկէք ուրեմն, դնենք միասին այսօր հիմնաքարը այդ ամուր կառոյցին, որով մեր եկեղեցին պիտի վերանորոգուի. Մեր անսասան հաւատքի ուժը թող ըլլայ հիմը ապագայ սերունդներու կերտումին. Մտէք երգչախումբի մէջ, դպրաց դասի մէջ, կարգապահական խմբակներու մէջ… ձեռք ձեռքի տուած` շրջապատեցէք ձեր եկեղեցիները եւ մի թողուք որ անոնք փուլ գան ձեր անհոգութեան պատճառաւ։ Այս է գլխաւոր պատգամներէն մին զոր ձեր հետ պիտի տանիք այս հաւաքոյթէն ետք, ըսաւ գերապայծառ Յովսէփ Քելեկեան Վանաձորի Երիտասարդական Հաւաքի մասնակցողներուն։











All the contents on this site are copyrighted ©.